ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութեան 9 Նոյեմբերի որոշումով՝ Հայաստանի Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքի նախկին «Շիրակ» պանդոկի աւերուած շէնքի հողամասը քանդումէն ետք սեփականութեան իրաւունքով պիտի տրամադրուի «Բասէնի Գովք» ընկերութեան՝ այդ հողերուն վրայ պանդոկային համալիրի, առեւտրական կեդրոնի եւ սնունդի սպասարկման վայրի կառուցման նպատակով:
Այս ծրագիրին համար կը նախատեսուի շուրջ 1 միլիառ դրամի ներդրում (աւելի քան 1 միլիոն 750 հազար եւորօ). կ՛ակնկալուի նաեւ 100-150 աշխատանքի ստեղծում: Ընկերութիւնը պայմանագիրով նախատեսուած աշխատանքները երեք տարուան ընթացքին չաւարտելու պարագային՝ հողատարածքը պէտք է վերադարձնէ: