ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի վրացի նախագահ Կէորկի Ծերեթելի, Դեկտեմբեր 7ին տեղի ունեցած ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի բացման արարողութեան ընթացքին ըսած է. «Անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել ԵԱՀԿի տարածքէն ներս առկայ հակամարտութիւններուն կապակցութեամբ ընդունուած բանաձեւերու կատարման հոլովոյթին: Ես հաւասարապէս մտահոգուած եմ ԵԱՀԿի տարածքէն ներս առկայ բոլոր հակամարտութիւններով: Լարուածութեան եւ թշնամանքի աճը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լուրջ մտահոգութեան առիթ է»:
Ծերեթելի նաեւ նշած է, որ «խաղաղութեան կարելի է հասնիլ ո՛չ թէ ուժի գործադրութեամբ, այլ՝ փոխըմբռնումի շնորհիւ»: