ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարած էր, որ հետաքննութիւն մը սկսած է թուրք յայտնի մտաւորականներ Ալի Պայրամօղլուի, Ուֆուք Ուրասի, Էրոլ Քաթըրճըօղլուի եւ Սայիտ Չեթինօղլուի դէմ, անոնց Արցախ այցելութեան գծով Պաքուի յայտնած բողոքին հիման վրայ:
Մտաւորականները Արցախ այցելած էին Սեպտեմբերին։
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը գրէ, թէ մտաւորականները յայատարարութիւն մը տարածած են այս գծով՝ շեշտելով, որ հակառակ Չաւուշօղլուի «խրատ»ին, իրենք ներողութիւն չեն խնդրած Պաքուէն:
«Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ սկսուած հետաքննութեան ծիրէն ներս, մենք պատասխանած ենք միջազգային համաձայնագիրներու համաձայն արդարադատութեան նախարարութեան փոխանցուած հարցումներուն, ինչպէս կը պահանջէ ընթացակարգը: Նախարար Չաւուշօղլուի հետ կապ հաստատեցինք՝ պահանջելով, որ պետութիւնը պաշտպանէ մեր իրաւունքները՝ մեզ ձերբակալելու շուրջ Ատրպէյճանի նախաձեռնութեան հարցով: Չաւուշօղլուի փափաքով, Ալիեւին նամակ գրեցինք՝ ներկայացնելով մեր այցելութեան նպատակը եւ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ մեր անհանգստութիւնը: Այդ նամակին մէջ «ափսոսանք» եւ «ներողութիւն» բառերը ներառելու մասին նախարարի յորդորներուն տուրք չե՛նք տուած», գրած են մտաւորականները:
Անոնք համատեղ յայտարարութեան մէջ ընդգծած են, որ իրենք գիտնականեր եւ լրագրողներ են, որոնք հակամարտութիւններու լուծման հարցով աշխարհի տարբեր հակամարտութեանց գօտիներ կ՛այցելեն, իսկ Արցախ իրենց այցելութիւնը որեւէ առնչութիւն չունի Հայաստան-Ատրպէյճան տարակարծութիւններուն եւ Արցախի իրաւական կարգավիճակին հետ:
Պայրամօղլու նաեւ շեշտած է, թէ իրենց նկատմամբ Թուրքիոյ մէջ որեւէ հետաքննութիւն չէ սկսած։ «Պետութենէն կ՛ակնկալենք, որ երկրէն դուրս մեզի դէմ յարուցուած գաղափարական հետաքննութիւններուն դիմաց պաշտպանէ մեր իրաւունքները, սակայն Թուրքիոյ հանրապետութիւնը այս հարցով ոչինչ կ՛ընէ: Նոյնիսկ հակառակը կ՛ընէ, ինչ որ մտահոգիչ է», աւելցուցած է Պայրամօղլու: