ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 14 տարի առաջ իշխանութեան եկաւ իբրեւ բարեպաշտ մահմետական՝ յայտարարելով, որ մտադիր է կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընել թրքական քաղաքականութենէն։
Իր իշխանութիւնը ամրապնդելէ եւ վարչապետէ աւելի բռնակալ նախագահ մը դառնալէ ետք, ան մոռցաւ իր խոստումները եւ վարեց խիստ փտախտաւոր քաղաքականութիւն՝ այն, ինչը ինք նախապէս դատապարտած էր: Ինչպէս կ՛ըսէ բրիտանացի պատմաբան Լորտ Աքթոն. «Իշխանութիւնը կը փճացնէ. բացարձակ իշխանութիւնը կը փճացնէ բացարձակապէս…»։
Այս շաբաթ կը փափաքիմ լուսաբանել Էրտողանի կաշառակերական չորրորդ գայթակղութիւնը՝ սկսելով իր եւ իր ընտանիքի ներգրաւումով իրականացած նախորդ երեքի ամփոփումով։
Առաջին դէպքը տեղի ունեցաւ 2008ին եւ կը վերաբերի Էրտողանի՝ 25 միլիոն տոլար արժողութեամբ նաւթատար նաւ նուէր ստանալուն ատրպէյճանցի միլիառատէր Մուպարիզ Մանսիմովի կողմէ: Էրտողանի խնդրանքով, Մանսիմով հետագային դարձաւ Թուրքիոյ քաղաքացի եւ մականունը փոխեց Կուրպանօղլուի։
Երկրորդ դէպքը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 2013ին, երբ Էրտողան եւ անոր նախարարներէն չորսը ներգրաւուած էին բազմաթիւ միլիոններ հաշուող կաշառակերական քննութեան մը մէջ: Դատավարութենէն առաջ, չորս նախարարներն ալ հրաժարական տուին: Սակայն, Էրտողան միջամտեց դատավարութեան, մերժեց դատական հայցը եւ գործէ արձակեց այն դատախազներն ու ոստիկանները, որոնք բացայայտած էին նախարարներուն կաշառակերական գործունէութիւնը…: Գաղտնի կերպող լսուած էին Էրտողանի եւ անոր զաւակին՝ Պիլալի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային յատուկ խօսակցութիւնները՝ բացայայտելով անոնց քննարկումները հարիւր միլիոն տոլարներ իբրեւ կանխիկ գումարներ թաքցնելնուն մասին. գումարներ, զորս անոնք ստացած էին խորհրդաւոր կերպով…
Կաշառակերութեան երրորդ դէպքը Նիւ Եորքի մէջ շարունակուող դատավարութիւնն է՝ Թուրքիայէն Իրան նաւթի համար մաքսանենգ ճանապարհով ոսկի արտածելու միլիառաւոր տոլարներու ծրագիրի մը վերաբերեալ, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու խախտումով: Անցեալ շաբաթ, թուրք-իրանցի ոսկիի առեւտրական Ռեզա Զարրապ մեղաւոր հռչակուեցաւ բոլոր եօթը մեղադրանքներով՝ բացայայտելով մասնակցութիւնը դրամատան տէր թուրք Մեհմետ Հաքան Աթիլայի եւ եօթը այլ մեղադրեալներու, որոնց շարքին՝ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Չաղլայեանի, որ կը մեղադրուի միլիոնաւոր տոլարներ կաշառք ստանալու յանցանքով՝ ապօրինի ծրագիր կազմակերպելու դիմաց: Զարրապ նաեւ ներգրաւած է Էրտողանը՝ նաւթի առեւտուրի համար ապօրինի ոսկին արտածելու թոյլտուութեան ձեռքբերման համար։
Չորրորդ եւ վերջին կաշառակերութեան ծրագիրը կը ներառէ Էրտողանի ընտանիքի անդամները, որոնք Դեկտեմբեր 2011էն մինչեւ Յունուար 2012, 15 միլիոն տոլար փոխանցած են Bellway Limited ստուերային ընկերութեան՝ Անգլիոյ Մեն կղզիի հարկային ապաստարանին մէջ: Այս մեղադրանքը ներկայացուցած է Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան (ՀԺԿ) առաջնորդ Քեմալ Քըլըճտարօղլու: Մեն կղզին բրիտանական թագաւորական ինքնավար տարածք է, որ կը գտնուի Իրլանտական ծովուն մէջ, Անգլիոյ եւ Իրլանտայի միջեւ։
Վերջերս, ՀԺԿ նախագահ Քըլըճտարօղլու յայտարարեց, որ ընկերութիւնը հիմնադրուած է 1 Օգոստոս 2011ին, Մեն կղզիի մէջ՝ 1 փաունտ սթերլին հիմնադիր դրամագլուխով: Ան բացայայտած է Bellway Limited ընկերութեան 15 միլիոն տոլարի դրամատնային փոխանցումներու քաղուածքներն ու պատճէնները.
– 15 Դեկտեմբեր 2011ին, Էրտողանի փեսան՝ Զիյա Իլկէն, փոխանցած է 2.5 միլիոն տոլար, իսկ 26 Դեկտեմբեր 2011ին՝ 1.25 միլիոն տոլար։
– 15 Դեկտեմբեր 2011ին, Էրտողանի եղբայրը՝ Մուսթաֆա, փոխանցած է 2.5 միլիոն տոլար, իսկ 26 Դեկտեմբեր 2011ին՝ 1.25 միլիոն տոլար:
– 27 Դեկտեմբեր, 2011ին, Էրտողանի աները՝ Օսման Քեթենճի, փոխանցած է 1.25 միլիոն տոլար, իսկ 28 Դեկտեմբեր, 2011ին՝ 1 միլիոն տոլար։
– 27 Դեկտեմբեր, 2011ին Էրտողանի նախկին գործադիր օգնական Մուսթաֆա Կիւնտողան փոխանցած է 1.25 միլիոն տոլար, իսկ 2011 Դեկտեմբեր 28ին‘ 250 հազար տոլար։
– 29 Դեկտեմբեր, 2011ին Էրտողանի որդին՝ Ահմետ Պուրաք Էրտողան, փոխանցած է 1.45 միլիոն դոլար, իսկ 2012 Յունուար 4ին՝ 2.3 միլիոն տոլար։
Քըլըճտարօղլու ներկայացուցած է խորհրդարանական միջնորդութիւն՝ պահանջելով քննութիւն բանալ վերոնշեալ փոխանցումներուն վերաբերեալ: Սակայն, մեծամասնութիւն կազմող Էրտողանի Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութիւնը դէմ քուէարկած է այդ առաջարկին: Երբ Քըլըճտարօղլու դիմած էր խորհրդարան՝ Էրտողանի դէմ մեղադրանքներուն առնչութեամբ, պետական հեռատեսիլի ընկերութիւնը անջատած էր ուղիղ հեռարձակումը…
Անցեալ շաբաթ թուրք դատախազները յայտարարեցին, որ իրենք կը քննեն Էրտողանի դէմ մեղադրանքները: Այնուամենայնիւ, ինչպէս յայտնի է, ոչ մէկ դատաւոր կը համարձակի հաստատել, որ Էրտողան մեղաւոր է որեւէ յանցանքով, հաշուի առնելով, որ շատ դատաւորներ պաշտօնազրկուած են կամ կալանաւորուած՝ Թուրքիոյ նախագահի ցանկութիւնները չկատարելնուն համար։
Էրտողան, ինչպէս կը սպասուէր, զայրացած էր իր ընտանիքի հասցէին հնչած մեղադրանքներէն: Ան յայտարարած է, որ հրաժարական կու տայ, եթէ ապացուցուի, որ ինք դրամատնային հաշիւ ունի արտասահմանի մէջ: Էրտողանի իրաւաբան Ահմետ Օզել յայտարարած է, որ Քըլըճտարօղլուի կողմէ հրապարակուած դրամատնային փաստաթուղթերը «կեղծ» էին, իսկ մեղադրանքները որակած է որպէս «սուտ»: Էրտողան սպառնացած է, որ Քըլըճտարօղլու «սուղ պիտի վճարէ» այդ եղածին համար եւ դատական հայց ներկայացուցած է անոր դէմ՝ պահանջելով 500 հազար տոլար, զրպարտութեան համար…
Այսօրինակ գայթակղութիւնները կրնան բացասականօրէն ազդել Էրտողանի վերընտրութեան վրայ, 2019 թուականին, եթէ, անշուշտ, ան թոյլ տայ արդար ընտրութիւններու կայացումը:
Յոյսով ենք, որ Էրտողան կը մնայ իր պաշտօնին վրայ, քանի որ ան յամառօրէն կը շարունակէ վարկաբեկել Թուրքիան, ամբողջ աշխարհի տարածքին…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ