Քանքարաւոր ընկեր մըն ալ հողին յանձնուեցաւ:
Համազգայինի մեծ ընտանիքը կորսնցուց իր թանկագին ընկերներէն մէկը՝ Բաբգէն Սասունին:
Բաբգէն Սասունի կրտսեր զաւակն էր յեղափոխականներ Կարօ եւ Լօլա Սասունիներու: Ծնած է ֆրանսա, ապրած Հալէպ ապա Պէյրութ, ուր յաճախած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանն, աշակերտելով համազգայինի հիմնադիր տիտաններէն Նիկոլ Աղբալեանին, Լեւոն Շանթին եւ Սիմոն Վրացեանին: Այդ դաստիարակութեան շնորհիւ, թրծուած էր այն շաղախով, որ կը բնորոշէր տիպար դաշնակցականի, Համազգայնականի, հայու եւ մարդու կերպարը:
Եթէ փորձենք արժեւորել իր միութենականի նկարագիրն ու առաքինի խառնուածքը, հաւանաբար ձեւով մը խոցած ըլլանք իր ամբասիր բնաւորութիւնը՝ մերժելու որեւէ բարձրաձայնուած գնահատանք կամ առանձնայատուկ դրուատիք, իր խոր ու խոհուն նայուածքով հասկցնելով, որ այդ մէկը խոտոր կը համեմատուի իր սկզբունքներուն:
Շրջանէս ներս Համազգայինի յիսնամեակի սեմին, արխիւներու պրպտումներուն հազիւ ձեռնարկած, կապ պահեցինք, որ այցելենք մեր հիմնադիր ընկերոջ՝ Բաբգէնի բնակարանը, վկայակոչելու անցեալը եւ ակունքէն ըմպելու պատմական տեղեկութիւններու հոսքը: Կը սպասէինք այն գեղեցիկ օրուան, որ առողջական վիճակը բարելաւուէր եւ մեր տեսակցութիւնը յաջողէր: Ափսո՜ս, մահուան ճիրանները կանխեցին մեզ: Մեր փափաքը այդպէս ալ չիրականացաւ: Բայց ընկ. Սասունիի որդին՝ Կարօն, տեղեկացուց, որ ան մեզի ժառանգ ձգած էր իր խնամքով պահած Համազգայինի արխիւները: Այդ թղթածրարին գունաթափ թուղթերը պիտի վկայեն այն բոլորը, որոնց մասին նոյնիսկ կենդանութեան, ընկերը լուռ կը մնար, միշտ համեստութեամբ եւ լրջախոհութեամբ, հրաժարելով ամէն կարգի ինքնագովութենէ եւ յոխորտանքէ:
Այս օրերուն, երբ կը թերթատուին շրջանէս ներս Համազգայինի հիմնադրութեան արխիւները, ընկեր Բաբգէնի եւ իր վաղամեռ կնոջ՝ Մարժոլէնի ունեցած ներդրումը կը ցոլայ այնտեղ, նկատի ունենալով առաջին Շրջանային վարչութեան անդամ ընկերուհիին ստանձնած ատենադպրուհիի պարտականութիւնը:
Գոհունակութեան մեր միակ ապաւէնը, 2012ին, Շրջանային վարչութեան կազմակերպած մեծարանքի ձեռնարկն էր՝ ի պատիւ հիմնադիրներուն: Օրին, բաւական դժուար եղաւ համոզել զինք, որ ներկայ գտնուի եւ ստանայ Մեծարեալի բարձրագոյն շքանշանը: Սակայն փառք կու տանք նախախնամութեան, նման առիթ մը պարգեւելուն, եւ յիշատակի լուսանկարներու ձեռք բերումին առթիւ:
Այսօր մնացած է յուշ մը միայն, բարի ժպիտով սքօղուած արտայայտիչ պատկերը: Այդ օր ալ, ինչպէս միշտ, գնահատանքով արտայայտուեցաւ կազմակերպիչներուն մասին: Քաջալերական խօսքերու ետին կար մեծատառ ՄԱՐԴՆ ու համայնքէն ներս իր անջնջելի կնիքը դրած ղեկավարն ու տեսլապաշտ գաղափարականը: Այսօր եւ ընդմիշտ ընկեր Բաբգէն Սասունին պիտի մնայ մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ, իբրեւ իտէալական կերպար եւ վաւերական Համազգայնական:
Բի՛ւր երախտիք իր անմար յիշատակին:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱմԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ