Թալիշի մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք առաջին հարսանիքը: Այս մասին «Առաւօտ» թերթին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Թալիշ համայնքի ղեկավար Վիլէն Պետրոսեան:
Ըստ համայնքապետին՝ թալիշցիներ Տիգրան Պետրոսեանի եւ Լիլիթ Բիրուզեանի հարսանեկան արարողութիւնը կազմակերպուեցաւ հանրապետութեան նախագահի անմիջական հովանաւորութեամբ:
Տիգրանը պատմեց, որ Ապրիլ 2016էն ետք իր եւ իր հարսնցուի ընտանիքները ստիպուած էին ապաստանիլ Արցախի Ասկերան եւ Մարտակերտ շրջաններուն մէջ:
«Վերջին մէկ տարին ես կը բնակիմ Թալիշի մէջ՝ արդէն մեր հիմնական տան մէջ, զոր պատերազմէն ետք վերակառուցեցինք: Այժմ, բացի ՊԲ զօրամասերէն մէկուն մէջ ծառայելէ, նաեւ աշխուժ կերպով ներգրաւուած եմ Թալիշի վերականգնման ուղղուած շինարարական աշխատանքներուն»:
Ան վստահ է, որ հարսանիքէն ետք, կարճ ժամանակ անց, վերաբնակութիւն պիտի հաստատուի Թալիշի մէջ: «Ամուսնանալէն ետք անպայման մշտական վերաբնակութիւն պիտի հաստատենք Թալիշի մէջ, որպէսզի մնացած թալիշցիները, տեսնելով մեզ, վստահօրէն վերադառնան այստեղ», յայտնեց Տիգրան Պետրոսեան: