ԵՐԵՒԱՆ.- Հրայր եւ Աննա Յովնանեան հիմնադրամը 100,000 տոլար նուիրած է «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»ին, որ ուղղուած է Հայաստանի տասը համայնքներու մէջ բնակող տասը ընտանիքներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման:
«Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»ը այս տարի կը տօնէ իր գործունէութեան՝ տան կարիք ունեցող ընտանիքներու պարզ, յարմարաւէտ եւ մատչելի բնակարաններով ապահովելու գործի տասը տարին եւ արշաւ յայտարարած էր՝ մինչեւ տարեվերջ կառուցելու նախատեսուածէն տասը յաւելեալ տուներ՝ տասը տնազուրկ ընտանիքներու համար:
«Յովնանեան» հիմնադրամի առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ, այդ ընտանիքները պիտի ունենան ոչ միայն բարեկարգ բնակարաններ, այլեւ ապագայի նկատմամբ վերածնած յոյս ու մարդկութեան նկատմամբ նորոգուած հաւատք:
«Մեր կազմակերպութեան գործունէութեան 10 տարիները եղել են ուրախութեան արցունքների, երազանքների իրականացման տարիներ՝ աւելի քան 630 ընտանիքի համար», կ՛ըսէ «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»ի (www.fcharmenia.org) նախագահ Աշոտ Եղիազարեան։
Հրայր եւ Աննա Յովնանեան հիմնադրամը հիմնուած է 1986ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ Երեւանի մէջ կը գործէ 12 տարիէ ի վեր: