ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը Յունիս 14ին վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ պաղեստինցի ժողովուրդը պաշտպանելու եւ Կազայի շրջափակումը վերացնելու, ինչպէս նաեւ կը դատապարտէ Իսրայէլը՝ պաղեստինցի քաղաքայիններու դէմ անհամաչափ ուժ կիրառելուն համար: Ընդհանուր ժողովը 120 թեր քուէներով վաւերացուց բանաձեըը։ Բանաձեւին դէմ քուէարկեցին 8 երկիրներ, ներառեալ՝ Իսրայէլ, Միացեալ Նահանգներ եւ Աւստրալիա, իսկ ձեռնպահ մնացին 45 երկիրներ, որոնց շարքին՝ Բրիտանիա, Գերմանիա, Գանատա, Հոլանտա եւ Լեհաստան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.