«ՀՐԱՇՔ»Ը ՅՈՒԶՈՒՄՈՎ ՊԱՐՈՒՐԵՑ ԱՄԲՈՂՋ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԸ
Լուսանկարները՝ ՊԵՐՃ ՃԱՄՃԵԱՆի
Շաբաթ, 7 Յուլիս 2018ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի 43րդ Նաւասարդեան խաղերը եզրափակուեցան հարիւրաւոր սկա-ուտներու եւ մարզիկներու աւանդական տողանցքով, որ թէ՛ խանդավառեց հազարաւոր հանդիսատեսները եւ թէ յուզեց բոլորը: «Պըրմինկհեմ Հայ Սքուլ»ի տարածքէն ներս կայացած այս եզրափակիչ հանդիսութեան ներկայ էին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոս Արմելա Շաքարեան, Քալիֆորնիոյ Նահանգային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վրէժ Աղաճանեան, ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւթեան, Շրջ. վարչութեան անդամներ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ անդամ Կարօ Իսպէնճեան, պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկ. Համլէթ եւ Կրեթա Չրախչեաններ, այս տարուան «Տիպար ՀՄԸՄական» Գօգօ Պալեան, ուղեկից կազմակերպութիւններու՝ ՀՕՄի ու Համազգայինի Շրջ. վարչութիւններու, ինչպէս նաեւ Ազգ. վարչութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, նախորդ տարիներու պատուոյ նախագահներ եւ տիպար ՀՄԸՄականներ, ինչպէս նաեւ բազմահազար հանդիսատեսներ: Կ՛արժէ նշել, որ հոն էր նաեւ 91 տարեկան վաստակաւոր ՀՄԸՄական Զաքար Չորպաճեան, որ հակառակ իր հիւանդութեան՝ ուզած էր անպայման ներկայ գտնուիլ Նաւասարդեանի տողանցքին, որ կը զուգադիպէր իր սիրած միութեան 100ամեակին:
Մարզադաշտը զարդարուած էր ՀՄԸՄի հիմնադիրներ Շաւարշ Քրիսեանի, Գրիգոր Յակոբեանի եւ Յովհաննէս Հինդլեանի մեծադիր պատկերներով, ինչպէս նաեւ ամերիկեան, հայկական եւ ՀՄԸՄի նոյնքան մեծադիր դրօշներով: Նախքան տողանցքը, երգուպարի «Հեքիաթն է Կանչում» խումբը ներկայացուց մանկական ու ազգային երգերու ու պարերու շարք մը, հաճելի եւ զուարթ մթնոլորտ մը ստեղծելով դաշտին մէջ:
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԸ
Աւելի ուշ, մարզադաշտ ժամանեցին առաջնորդ սրբազանը, պատուոյ նախագահը եւ «Տիպար ՀՄԸՄական»ը, ընկերակցութեամբ Շրջ. վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանի եւ սկաուտական պատուոյ ջոկատին: Ապա, բարձր թռչող ուղղաթիռէ մը վար ցատկեցին երեք անկարգելաւորդներ՝ ամերիկեան, հայկական եւ Նաւասարդեանի դրօշներով: Անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն՝ ՀՄԸՄի փողերախումբին մասնակցութեամբ, որ կատարեց Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները:
Հանդիսավարներ Սեւակ Կարապետեան եւ Նորա Չափարեան ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեցին, ի յարգանս մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄականներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի ազատագրական պայքարի ընթացքին նահատակուած 4 ՀՄԸՄականներուն:
Էնթընի Փորթանթինօ խօսք առաւ, դրուատեց ու ողջունեց ՀՄԸՄի դերակատարութիւնը երիտասարդութեան առողջ դաստիարակութեան գործին մէջ, դրուատեց «Հրաշք» նախաձեռնութեան գաղափարը, ապա նահանգային ծերակոյտի հռչակագիրը յանձնեց Մանուէլ Մարսէլեանին:
Այդ օր շնորհաւորանքի ու ողջոյնի խօսք ուղղած էր նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան: Նախագահին շնորհաւորագիրը կարդաց Շրջ. վարչութեան անդամ Սագօ Կարապետեան: Բեմ բարձրացաւ Մանուէլ Մարսէլեան, որ Շրջ. վարչութեան անունով եւ երկու լեզուներով նախ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն ու աւելցուց. «Պատիւ ու յարգանք բոլոր ՀՄԸՄականներուն, մասնաճիւղերուն, Նաւասարդեանի կազմակերպիչ յանձնախումբին, ծնողներուն եւ ձեր բոլորին: Ձեր հաւաքական աշխատանքով է, որ Նաւասարդեան մարզախաղերը կը հանդիսանան Սփիւռքի ամենամեծ եւ ամէնէն կազմակերպուած մարզական նախաձեռնութիւնը»: Ան ապա աւելցուց, որ այս տարին թէ՛ ՀՄԸՄի 100ամեակն է եւ թէ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ անոր հիմնադրութեան 50ամեակը. 50 տարուան երթով, ահաւասիկ այսօր մենք ունինք 19 մասնաճիւղեր՝ 6500 անդամներով: Ան աւելցուց, որ ՀՄԸՄը անցեալէն կու գայ, սակայն ունի ապագայի հաստատուն հեռանկարներ ու տեսիլք, որ կը ձգտի երիտասարդութիւնը դաստիարակել իբրեւ տիպար հայ քաղաքացիներ: Գալիքի իմաստով, ան յիշեց «Հրաշք» ծրագիրը, որ կը միտի համախմբելու յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներն ու պատանիներ՝ իրենց համար յատուկ մարզախաղերով: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուեցան յատուկ խաղեր այս երեխաներուն համար:
Մանուէլ Մարսէլեան նաեւ նշեց «Ապագայ» անուանուած ծրագիրը, որ կը միտի համախմբելու երիտասարդ ՀՄԸՄականներէ բաղկացած ընտանիքներ: Ապա ներկայացուց այս տարուան Պատուոյ նախագահը՝ տէր եւ տիկ. Համլէթ եւ Կրեթա Չրախչեանները, ինչպէս նաեւ «Տիպար ՀՄԸՄական»ը՝ Գօգօ Պալեան, ընդգծելով տասնամեակներու վրայ երկարող անոնց նուիրումը ՀՄԸՄին, ու եզրափակեց ըսելով. «Համլէթ Չրախչեանի եւ Գօգօ Պալեանի նմաններն են, որոնց շնորհիւ թէ՛ Նաւասարդեանը եւ թէ տարուան ընթացքին մեր միւս աշխատանքները կը կատարուին, եւ անոնց ընդմէջէն՝ ՀՄԸՄը կ՛աճի: Իրենց նմաններուն շնորհիւ է, որ ՀՄԸՄը գոյատեւած է 100 տարի ու պիտի շարունակէ ուռճանալ գալիք տարիներուն եւս»:
Խօսք տրուեցաւ ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւթեանին, որ ողջունեց Միութեան 100ամեակը ու այս ափերուն վրայ անոր գործունէութեան 50ամեակը: Ան, անդրադառալով ՀՄԸՄի յաջողութեան գաղտնիքին՝ զայն բնութագրեց երկու բառերով. «Շարունակականութիւն» եւ «Փոփոխութիւն»: Իւրաքանչիւր սերունդ շարունակեց իր նախորդներուն կատարածը, միաժամանակ նոր տեսիլքով ու նոր աշխատանքներու ձեռնարկելով: Այս իմաստով, ան օրինակ բերաւ օրուան Պատուոյ նախագահը եւ Տիպար ՀՄԸՄականը, որոնք ոչ միայն շարունակած են իրենց նախորդներուն գործը, այլեւ առաջնորդուած են նոր տեսիլքով՝ ապագային նկատմամբ: «Այո՛, շարունակականութիւն եւ փոփոխութիւն, որոնց արդիւնքն է յաջողութիւնը: Պատուաբեր անցեալից դէպի յաղթական ապագայ. սա՛ է ՀՄԸՄի 100ամեակի նշանաբանը», ըսաւ ան ու եզրափակեց հետեւեալ խօսքերով. «Այս Նաւասարդեան տօնակատարութիւնը, մեր 30,000 հաշուող ուժեղ ընտանիքը եւ անհերքելի գործունէութիւնը կը փաստեն, թէ մենք հաւատարիմ ենք ՀՄԸՄի հիմնադիրների կտակին եւ տեսլականին, հաւատարիմ ենք «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանին: Թող ՀՄԸՄի երկրորդ դարը համընթաց լինի մեր հայրենիքի նորանոր յաջողութիւններին եւ ՀՄԸՄը լինի կարեւոր մի մասը հայրենիքի վերականգնման ճանապարհին»:
Պաշտօնական բաժինին մէջ վերջին խօսքը առնողն էր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ իր խօսքին սկիզբը նախ փոխանցեց Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի օրհնութիւնը, ապա փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այս տարի կը տօնախմբենք թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ ՀՄԸՄի 100ամեակները:
Սրբազանը զուգահեռ մը գծեց մեր հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄի զոյգ ծնունդներուն միջեւ՝ ընդգծելով մեր ժողովուրդին գոյատեւելու կամքը: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄը 100 տարեկան է, սակայն՝ «100 տարեկան երիտասա՛րդ մըն է ՀՄԸՄը, որ ծնած է իբրեւ երիտասա՛րդ, գործած է ու պիտի գործէ իբրեւ երիտասա՛րդ: ՀՄԸՄը երիտասարդ է իր անդամներո՛վ, երիտասարդ է իր վարչականներո՛վ, մարզիկներո՛վ ու համակիրներո՛վ, եւ ուժականութիւնը ունի երիտասարդ պահելու բոլոր անոնք, որոնք կը մտնեն իր դրօշին տակ, անոնց մէջ հաստատ կը պահէ երիտասարդական եռանդն ու կամքը, հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին ու մայր հայրենիքին ծառայելու հաւատքը, կամքը, կորովը, սէրն ու նուիրումը»:
Առաջնորդ սրբազանը նաեւ փառքով ու պատիւով նշեց ՀՄԸՄի երախտաւորները, ապա ողջունեց այս տարուան Պատուոյ նախագահը եւ Տիպար ՀՄԸՄականը: Ան եզրակացուց՝ ըսելով. «Ապրի՛ն, հազա՛ր ապրին ՀՄԸՄական մարզիկները, սկաուտներն ու անոնց հոգածութեան լծուած բոլոր ծնողներն ու պատասխանատուները: Թող Նաւասարդեաններու տողանցքներն ու անոնց ճամբով շահուած մրցանակները իբրեւ պատիւ բաշխուին ողջ հայութեան, բոլորիս սիրտերն ու հոգիները լեցնեն հպարտութեամբ, որպէսզի յառաջիկայ 44րդ եւ անոր յաջորդող Նաւասարդեաններուն եւս, բարձրաճակատ բարձրացնենք ՀՄԸՄի եռագոյն դրօշը, հայութեան երթը շարունակենք աննահանջ, մինչեւ որ ՀՄԸՄի քայլերգին բառերով՝ նահատակ ցեղի անմահներն ու անոնց հաւատարիմ ժառանգորդները այդ դրօշը կոթողեն հայկական հեռագոյն լեռներուն ու Արարատի գագաթներուն, ու իրականացնեն 100ամեայ հանրապետութեան ամէնէն նուիրական պատգամը՝ ազատ, անկախ եւ միացեա՛լ Հայաստանը»:
ՏՈՂԱՆՑՔԸ
Առաջնորդ սրբազանի խօսքէն ետք սկսաւ այդքան սպասուած տողանցքը՝ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄի փողերախումբին: Շրջանային խմբապետուհի Շարլին Գէօզալեանս պաշտօնապէս արտօնութիւն ստացաւ Մանուէլ Մարսէլեանէն՝ տողանցքը սկսելու:
Առաջին կարգով դաշտ մտան «Հրաշք»ի երեխաները՝ իրենց մասնագէտ հոգատարներուն եւ ծնողներուն հետ: Այս երեխաներն ու պատանիները, բարձր բռնած ՀՄԸՄի ու «Հրաշք»ի վահանակները՝ ցնծութեան եւ մանաւանդ յուզումի ալիքի, աւելի ճիշդ՝ «ցունամի»ի մէջ առին ամբողջ մարզադաշտը: Հազարաւոր ներկաները ինքնաբուխ ոտքի ելան մէկ մարդու նման եւ խելայեղ ծափողջոյններով դիմաւորեցին այս խումբը: Իսկ «Հրաշք»ի երեխաներն ու պատանիները, իրենք եւս լայն ժպիտներ իրենց դէմքերուն՝ ցնծութեան մէջ էին նոյնպէս: Ուրախութիւնը կը փայլատակէր անոնցմէ իւրաքանչիւրի դէմքին՝ այնքա՛ն ինքնաբուխ, այնքա՛ն անմեղ ու միաժամանակ խանդավառ: Ժողովուրդը իր ծափողջոյններով, յուզումի ալիքին մէջ, գրկաբաց ընդունեց այս թերաճ մանուկները՝ իբրեւ մեր հասարակութեան ու մեր միջավայրին լիարժէք անդամները:
Յուզումի այս ալիքին յաջորդեց հպարտութեան մթնոլորտ մը, երբ կարգապահ շարքերով եւ փողերախումբի կշռոյթներով դաշտ մտաւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի սկաուտական 180 հոգինոց խումբը, որ յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի մէջ պիտի մասնակցի Համա-ՀՄԸՄական ընդհանուր բանակումին, որ կազմակերպուած է ՀՄԸՄի 100ամեակին առիթով: Խումբը տողանցելով կանգ առաւ պատուոյ թրիպիւնին դիմաց եւ սկաուտական բարեւով ողջունեց պաշտօնական հիւրերը:
Օրուան հանդիսավարները մէկ առ մէկ ներկայացուցին իւրաքանչիւր մասնաճիւղ, երբ անոնց մարզիկները, սկաուտներն ու վարչականները շարքերով մարզադաշտ մուտք կը գործէին:
Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի բազմանդամ խումբը տողանցելով մտաւ դաշտ ու հասնելով պատուոյ թրիպիւն՝ յուշանուէր մը յանձնեց Պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկ. Համլէթ եւ Կրեթա Չրախչեաններուն, տր-ուած ըլլալով, որ Պատուոյ նախագահը նոյնինքն «Արարատ» մասնաճիւղի մէջ գործած է տարիներով:
Ներկաները ծափողջոյններով գնահատեցին նաեւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, երբ այս անգամ նոր անդամները յուշանուէր մը փոխանցեցին Տիպար ՀՄԸՄական Գօգօ Պալեանին՝ իր կարգին նոյն մասնաճիւղին մէջ տասնամեակներով ծառայած ըլլալուն համար:
Մինչ փողերախումբը կը շարունակէր ազգային-հայրենասիրական երգերու եղանակներով իր կշռութաւոր կատարումը, մասնաճիւղերը իրարու կը յաջորդէին, մեծ ու փոքր, տարեց վարչականներ ու մանուկ գայլիկներ, արծուիկներ, մարզիկներ, բոլորն ալ՝ իրենց տարազներով, իսկ մարզիկներէն ոմանք՝ իրենց շահած բաժակներով: Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ տարբեր խանդավառութեամբ, ցնծութեան տարբեր աղաղակներով կը դիմաւորուէր ներկաներուն կողմէ: Խանդավառութիւնը համընդհանուր էր եւ տեւեց գրեթէ մէկ ժամ:
Տողանցքի աւարտին, Վառանդ Աւանէսեան (Երիտասարդական միաւորէն) ներկաներուն հրամցուց խանդավառ երգերու փունջ մը՝ երկարատեւ ու տպաւորիչ հրավառութեան ընկերակցութեամբ, երբ արդէն մութը սկսած էր տիրելու: Ապա, Շրջ. վարչութիւնը յատուկ հիւրասիրութեամբ պատուեց բոլոր պաշտօնական հիւրերը:
Նաւասարդեանի փառատօնը շարունակուեցաւ վարժարանի միւս բակերուն մէջ՝ երաժշտական տօնախմբութեամբ, որ իր աւարտին հասաւ կէս գիշերին:
Վարձքը կատար աւելի քան 1500 հաշուող ՀՄԸՄականներու «կամաւոր բանակին», Շրջ. վարչութեան, մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ յանձնախումբերուն, որոնք 43րդ Նաւասարդեանը եւս պսակեցին մեծ յաջողութեամբ: