ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկը նախաձեռնած է Սփիւռքին առնչուող փաստաթուղթեր հաւաքելու արշաւի մը, որուն առաջին հանգրուանը կեդրոնացած է Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին գերի բռնուած ռուսահայերու պատմութեան վրայ:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտականի վարիչ Սալբի Ղազարեան հայութեան յետ-եղեռնեան պատմութեան համար կարեւոր կը համարէ այս նախաձեռնութիւնը, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտելով այս նախաձեռնութեան նեցուկ կանգնող Լոս Աճելըսի ռուսահայ համայնքին, որ կարելի կը դարձնէ հայոց պատմութեան այս հետաքրքրական էջը, որ կենսական է ոչ միայն հայութեան համար, այլ նաեւ մաս կը կազմէ Համաշխարհային Բ. պատերազմի, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան պատմութիւններուն:
Նախաձեռնութեան նպատակն է մէկտեղել այս մասին վկայութիւնները, ֆիլմերը, ինչպէս նաեւ տեղահանուած հայորդիներու ընտանեկան պարագաներու փաստաթուղթերը, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագային կատարուելիք յատկանշական ուսումնասիրութիւններու համար լաւապէս պատրաստուած արխիւ մը ապահովել:
Նշենք, որ Գերմանիա տարուած ռուսահայ մօտաւորապէս 4000 գերիները 1948ին Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուելու իրաւունք ստացան Քոնկրեսէն, որմէ ետք անոնց մեծ մասը, մինչեւ 1952, Միացեալ Նահանգներ հաստատուեցաւ: Այս աշխատանքին մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցաւ Անտուն հայերու հայ ազգային յանձնախումբը (ANCHA), որուն առաջամարտիկներն էին Ճորճ Մարտիկեան եւ Սուրէն Սարոյեան:
Անոնց մէկ մասը հաստատուեցաւ Միշիկընի եւ Նիւ Եորքի մէջ, իսկ շատ մը ընտանիքներ հաստատուեցան Քալիֆորնիոյ Մոնթեպելլօ քաղաքին մէջ, պահելով գերմանական բանտային ճամբարներու մէջ իրարու միջեւ հաստատուած սերտ կապերը։
Վերջին քանի մը ամիսներուն, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկի անձնակազմէն Գեղամ Մուղնեցեան եւ Լիլիթ Քէշիշեան հարցազրոյցներ կատարեցին ա-ռաւել՝ քան երկու տասնեակ նախկին ռազմական գերիներու հետ, մանրամասնութիւններ հաւաքելով անոնց փորձառութիւններուն մասին։
Յատկանշական է, որ ներկայիս Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս եւ Օրենճ գաւառներուն, ինչպէս նաեւ Մեսեչուսեցի եւ Նիւ Ճըրզիի մէջ ապրող նախկին գերիներուն հետ հարցազրոյցները տեղի ունեցած են քանի մը լեզուներով եւ արձանագրուած են տեսերիզներու վրայ, ապագային օգտագործուելու նպատակով։
Հայագիտականին վարիչի օգնական Սիլվա Սեւլեան կը յայտնէ այս ծրագիրին գործադրութեան սկսելէն ի վեր կարելի եղած է գտնել շարք մը նախկին գերիներ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են իրենց պատմութիւնները արձանագրելու։ «Հարցազրոյցներուն ընթացքին անոնք ազատօրէն կ՛արտայայտուէին միաժամանակ՝ հայերէնով, ռուսերէնով եւ անգլերէնով, արտայայտուելով իրենց կենաքին մասին՝ գերի բռնուելէն առաջ, գերութեան ընթացքին եւ անկէ ետք», կ՛աւելցնէ ան՝ նշելով, որ անոնք նաեւ արժէքաւոր փաստաթուղթեր կը տրա-մադրեն հիմնարկին։
Սեւլեան կ՛աւելցնէ, թէ հարցազրոյցները, լուսանկարները, յուշագրութիւնները եւ պետական փասատթուղթերը կը թուայնացուին՝ անցնելու համար համալսարանին արխիւներուն մէջ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Armenian@usc.edu հասցէին կամ (213) 821-3943 թիւին: