ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, 6 Յուլիսի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի «Նարեկացի» հոգեւոր լսարանի առաջին հանդիպումը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութկեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի:
Ծրագիրը կ՛իրականացնէ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան: Ներկայ էին շուրջ 45 պատանիներ, երիտասարդներ եւ չափահասներ:
Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան ողջունեց ներկաները: Առաջնորդական փոխանորդը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես մասնակիցներու բազմութեան, որոնք եկած էին զարգացնելու համար իրենց եկեղեցական գիտելիքները եւ ներկայացուց ծրագիրը: Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց մասնակիցները եւ իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդական փոխանորդին այս դասընթացքներուն համար:
Ինչպէս հաղորդած էինք, այս ծրագիրը պիտի երկարի մէկ տարուան վրայ. դասախօսութիւնները տեղի պիտի ունենան ամէն Ուրբաթ երեկոյ, նոյն վայրին մէջ, ժամը 7էն 9: 3 եւ 10 Օգոստոսին հանդիպումներ տեղի պիտի չունենան:
Առաջին երեք ամիսներուն, պիտի դասաւանդունին մեր եկեղեցւոյ պատմութեան եւ շարականներուն մասին նիւթեր: Դասախօսութիւնները բաց են բոլոր տարիքի փափաքողներուն համար: