ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրաբ Մնացականեանի հրաւէրով Սեպտեմբեր 2-4, Երեւան պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Ճափոնի արտաքին գործոց նախարար Տարօ Կոնօ:
Նախարար Կոնօ Երհեւանի մէջ պիտի հանդիպի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
3 Սեպտեմբերին նախատեսուած են Զօհրաբ Մնացականեանի եւ Տարօ Կոնոյի բանակցութիւնները, որոնցմէ ետք նախարարները հանդէս պիտի գան յայտարարութիւններով:
Նախարար Տարօ Կոնօ պիտի այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ: