ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- 30 Օգոստոսին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունեց հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզը եւ ամերիկեան դեսպանութեան նորանշանակ ռազմական կցորդ, գնդապետ Ճէյմզ Թամսընը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Կողմերը անդրադարձան նաեւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան այլ օրակարգային հարցերու եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն:
Ամերիկեան կողմին խնդրանքով Տօնոյեան ներկայացուց շփման գիծին վրայ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի Նախիջեւանի հատուածի իրավիճակը: