ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նախագահ Թրամփի Ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթըն Հոկտեմբերին այցելեց Ռուսիա, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան՝ փոխանցելով Սպիտակ տան դիրքորոշումը տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու վերաբերեալ:
Պոլթըն ծանօթ է իբրեւ արտաքին կոշտ քաղաքականութեան կողմնակից եւ յաճախ կը բնութագրուի իբրեւ ռազմատենչ՝ իր ծայրայեղական դիրքորոշումներուն պատճառով…
Հայ պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին Պոլթըն խօսեցաւ Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներուն մասին, որոնք կրնան ազդել երրորդ երկիրներու, որոնց շարքին՝ Հայաստանի վրայ: Ան նաեւ անակնկալօրէն առաջարկեց Հայաստանին՝ ամերիկեան զէնքեր վաճառել, քննարկեց հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ արցախեան հակամարտութեան լուծման հարցը։
Պարզ դարձաւ, որ Պոլթըն փորձեց Հայաստանը հեռացնել իր ռազմավարական դաշնակից Ռուսիայէն եւ առեւտրական հիմնական գործընկեր Իրանէն, որովհետեւ Հայաստանի հետ սահմանը շրջափակուած է դրացի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ։
Թէեւ շատ հայ մեկնաբաններ եւ յատկապէս ռուս պաշտօնեաներ լուրջ մտահոգութիւններ արտայայտեցին Պոլթընի առաջադրած քաղաքականութեան մասին, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան զարմանալիօրէն լաւատես էր եւ Հայաստանի Ազգային ժողովին ըսաւ. «Ես հանդիպեցայ Պոլթընի հետ: Այդ հանդիպման ընթացքին նոյնիսկ նուազագոյն երանգ չեղաւ, որ Հայաստանի մէջ եւ հայ ժողովուրդին մօտ անհանգստութիւն յառաջացնէ: Ես այս հանդիպումը կը նկատեմ մեզի համար դիւանագիտական մեծ նուաճում, հետագային կ՛ըսեմ, թէ ինչ է պատճառը, որ ես այսպէս կ՛արտայայտուիմ»։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զօհրապ Մնացականեան, իր կարգին աւելցուց. «Պոլթընի հետ երկխօսութիւնը շատ յաջող էր, եւ Միացեալ Նահանգները հասկցած էր Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ մեր յարաբերութիւններուն տրամաբանութիւնը, մեր դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին գծով եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ, եւ այլն»։
Դրական գնահատելով իր հանդիպումները Հայաստանի մէջ՝ Պոլթըն հետեւեալ գրառումը կատարած էր իր «Թուիթըր»ի էջին վրայ «Երէկ ես հիանալի այցելութիւն մը տուի Հայաստան, որ կարեւոր ընկեր մըն է տարածաշրջանին մէջ: Ես բաւարարութիւն ստացայ Հայաստանի վարչապետին (պաշտօնակատարին) եւ իր ազգային ապահովութեան խումբին հետ ունեցած արդիւնաւէտ խօսակցութենէն»։
Հակառակ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ լարուած յարաբերութիւններուն, Հայաստան պէտք է պահպանէ նուրբ հաւասարակշռութիւն երկու գերտէրութիւններուն միջեւ: Մէկ կողմէ, Հայաստան կ՛ապաւինի Ռուսիոյ իր կարեւոր կարիքներուն համար, այսինքն՝ զէնքի, ուժանիւթի եւ առեւտուրի գծով, եւ, հետեւաբար, չի կրնար ինքնիրեն թոյլ տալ, որ թշնամանայ իր ռազմավարական դաշնակիցին հետ, միւս կողմէ, Հայաստան բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատած է բազմաթիւ այլ երկիրներու, մասնաւորաբար Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Միցեալ Նահանգներու հետ։
ԶԷՆՔԻ ՎԱՃԱՌՔԻ ԱՌԱՋԱՐԿ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ
Պոլթըն զարմացուց իր հայ հիւրընկալողները անոնց առաջարկելով գնել ամերիկեան զէնք՝ յայտարարելով, որ այդ զէնքերը կը գերազանցեն ռուսականը: Այսուամենայնիւ, ան չնշեց, թէ սնանկացած Հայաստան ի՛նչ միջոցներով պիտի կարենայ վճարել զինամթերքի գինը: Ինչպէս գիտենք, Ռուսիա Հայաստանի զինամթերքին մեծ մասը կը մատակարարէ կա՛մ վարկեր տրամադրելով կա՛մ զեղչուած գիներով: Փաշինեան արձագանգեց՝ նշելով, որ Հայաստան պիտի քննարկէ ամերիկեան առաջարկը, մինչդեռ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան «Նիուզ» կայքին յայտնեց, որ այս պահուն ամերիկեան զինամթերք գնելու կարիքը չկայ։
Ամերիկեան զէնք ձեռք բերելով՝ Հայաստան ռիսկի կը դիմէ իրեն դէմ թշնամացնելով Ռուսիան, որ իր զինամթերքի հիմնական աղբիւրն է: Երկրորդ, Միացեալ Նահանգները կրնայ Հայաստանին ըրած իր առաջարկը օգտագործել՝ քօղարկելու համար իրականութիւնը՝ միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ ժամանակակից զէնք ծախելու Ատրպէյճանին: Մինչ Ատրպէյճան ունի՛ կարողութիւնը ամերիկեան զէնք գնելու, իսկ Հայաստան՝ ո՛չ։
Պոլթընի միւս անտրամաբանական յայտարարութիւնը այն էր, որ ռուսական զէնքի վաճառքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, Արցախեան հակամարտութեան լուծման համար խոչընդոտ հանդիսացած է: Ծիծաղելին այն է, Պոլթընի առաջարկը նոյնպէս զէնք վաճառել է երկու երկիրներուն: Իմ կարծիքով՝ Միացեալ Նահանգները եւ միւս բոլոր երկիրները պէտք է զերծ մնան թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Ատրպէյճանին զէնք ծախելու փորձութենէն…: Պատերազմական գօտիի մէջ երկուստեք յաւելեալ զէնք լեցնելը՝ երկու կողմերուն համար ալ կրնայ յանգեցնել միայն բռնութիւններու եւ մահերու թիւի բարձրացման։
ՀԱՅ-ԻՐԱՆԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Պատասխանելով Պոլթընի այն յայտարարութեան, թէ Միացեալ Նահանգները «խիստ աշխուժօրէն» պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէ Իրանի դէմ եւ այդ պատճառով հայ-իրանեան սահմանը «պիտի դառնայ հիմնահարց»՝ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան՝ իբրեւ դէպի ծով ելք չունեցող պետութիւն, դիւանագիտական յարաբերութիւններ իր դրացիներէն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, առ այդ, անիկա պէտք է «յատուկ յարաբերութիւններ» պահպանէ իր միւս երկու դրացիներուն՝ Իրանի եւ Վրաստանի հետ, որոնք Հայաստանի միակ «դարպասներ»ն են դէպի արտաքին աշխարհ: Փաշինեան լաւատեսօրէն ըսաւ Ազգային ժողովին. «Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի դիրքորոշումը յստակ էր, հասկնալի եւ նոյնիսկ ընդունելի ամերիկեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն համար»։
Հայաստանի վրայ Իրանի հետ յարաբերութիւնները խզելու համար ճնշում գործադրելու փոխարէն, Միացեալ Նահանգները պէտք է յորդորել, որ ճնշում գործադրէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վրայ՝ բանալու համար իրենց սահմանները Հայաստանի հետ, որպէսզի Հայաստան կարենայ աւելի հեզասահ կերպով առեւտուր կատարել իր չորս դրացիներուն հետ: Փաշինեան ճիշդ մատնանշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի իր ազգային շահերը, որոնք միշտ չէ, որ կը համընկնին այլ երկիրներու շահերուն հետ: Իմ կարծիքով՝ Միացեալ Նահանգները իրաւունք չունի պահանջելու երրորդ երկիրներէն, որ գործադրեն իր սխալ պատժամիջոցները Իրանի դէմ: Աւելին, քանի որ Միացեալ Նահանգները Թուրքիան կ՛ազատէ Իրանի նկատմամբ Միացեալ նահանգներու պատժամիջոցները կիրարկելէ, ապա ինչո՞ւ պէտք չէ Հայաստան եւս ազատի այդ պատժամիջոցներու կիրարկումէն: Բացի այդ, Պոլթըն խոստովանեցաւ, որ Միացեալ Նահանգները չ՛ուզեր «վնաս հասցնել մեր բարեկամներուն, այս գործընթացին մէջ»։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ
ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Պոլթըն յայտարարեց, որ արցախեան հիմնահարցի լուծումը կ՛օգնէ Հայաստանին՝ բանալու Թուրքիոյ հետ սահմանը: Փաշինեան արձագանգեց՝ նշելով, որ Հայաստան պատրաստ է յարաբերութիւններ հաստատելու եւ բաց սահմաններ ունենալու Թուրքիոյ հետ, սակայն առանց նախապայմաններու, զորս Թուրքիա փորձած է պարտադրել՝ սահմանին բացումը կապելով Արցախեան հակամարտութեան հետ: Թուրքիոյ նախապայմանին հակազդելու համար ես կ՛առաջարկեմ, որ Հայաստան դնէ իր նախապայմանը՝ սահմանի բացումը կապելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ…
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄ
Պոլթըն կ՛ենթադրէ, որ 9 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին կը սպասուի, որ Փաշինեանի կուսակցութիւնը կազմէ մեծամասնութիւն, բաւականին ուժեղ յանձնարարութիւն կու տայ անոր՝ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ որոշիչ քայլերու ձեռնարկելու համար: Կարծես թէ Պոլթըն ծանօթ չէ Փաշինեանի յաճախակի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց՝ «Ղարաբաղի հարցը լուծող-չլուծողը հայ ժողովուրդն է, եւ յստակօրէն՝ Հայաստանի ժողովուրդը, Արցախի ժողովուրդը եւ տուեալ պարագային նաեւ Սփիւռքը, որովհետեւ ասիկա համահայկական հարց է»։
Քանի որ Հայաստան կանգնած է ներքին եւ արտաքին անորոշութիւններու առջեւ, հրամայականը այն է, որ աշխարհի բոլոր հայերը պաշտպանեն իրենց հայրենիքը եւ ուժերը միացնեն՝ իրենց ընդհանրական հակառակորդներուն դէմ…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ