
ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ յստակացած են 2017ի ընթացքին հայագիտական նիւթերով լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները, որոնք ընտրուած են խորհրդաժողովներու ընթացքին ներկայացուած համալսարանական ուսանողներու աշխատասիրութիւններէն։
Ընկերակցութիւնը լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները ընտրած է՝ Էրին Փինիոնի, Ըրնսթին Քիուի եւ Ճես Սիրական Արլենի աշխատասիրութիւնները։
Էրին Փինիոն արուեստի եւ հինագիտութեան մէջ մասնագիտացող դոկտորական ուսանող է «Փրինսթըն» համալսարանի մէջ, որ «Ֆուլպրայթ» կրթանպաստով 2016-2017ին Հայաստան ապրած է եւ իբրեւ այցելու դասախօս աշխատած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, նոյն ժամանակ մօտէն ծանօթանալով հայկական արուեստներուն։ Անոր ուսումնասիրութիւնը՝ «Պարտութեան Յաղթական Պատկերները», Վարդանանց պատերազմին նուիրուած Կարապետ Բերկրացիի (15րդ դար) ստեղծագործութիւններուն վերլուծութիւնն է։
Ըրնսթին Քիու «Թաֆթց» համալսարանին մէջ Մագիստրոսի վկայականի ուսանող է. ան կը մասնագիտանայ արուեստի եւ արուեստի պատմութեան մէջ։ Անոր ուսումնասիրութիւնը նուիրուած է Թադէոս Ավրամենցի «Անապատի Հայրերու Կեանքը» ձեռագիրին (1430) եւ յատկապէս անոր գծագրութիւններուն։ Խրիմի մէջ գտ-նուող վանքի մը յարկին տակ պատրաստուած մատեանը ներկայիս կը պահուի Երուսաղէմի պատրիարքարանին մէջ։
Ճես Սիրական Արլեն Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքէն դոկտորական ուսանող է, որ կը մասնագիտանայ միջնադարեան գրականութեան եւ մտաւորական պատմութեան մէջ։ Անոր ուսումնասիրութիւնը նուիրուած է Մխիթար Սեբաստիացիի հրատարակչական ծաւալուն գործունէութեան եւ յատկապէս իր «ընթերցողներուն ճաշակը կերտելու» անոր ջանքերուն վրայ։
Երեք մրցանակակիրները պիտի արժանանան նիւթական նուէրներու եւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան մէկ տարուան անդամակցութեան։
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան եւ անոր անդամակցելու կարելիութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել societyforarmenianstudies.com կայքը: