Նոյեմբերի կէսին Հայաստանի նորանշանակ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան ճանաչողական բնոյթի աշխատանքային այց կատարած է Սիլիքըն հովիտ, շրջելով բարձր արհեստագիտութեանց ոլորտի գերհսկայ ընկերութիւններու կենդոնական կայանները:
«Սինոփսիս» ընկերութեան գլ-խաւոր ճարտարապետ եւ իր հայաստանեան մասնաճիւղի նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեանի ուղեկցութեամբ, Արմէն Բայբուրդեան այցելած է Google, Apple, Nvidia, Synopsis, եւ Intel ընկերութիւններ եւ ծանօթացած է իրենց գործունէութեան ուղղութիւններուն, ընդլայնման աշխարհագրութեան ու յետագայ մեծ ծրագիրներուն:
Դոկտ. Զօրեանի կազմակերպմամբ, ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը հանդիպումներ ունեցած է այդ ընկերութիւններուն հայազգի աշ-խատակիցներու հետ, որոնց ներուժը օգտագործելով կարելի է նոր կամուրջներ ստեղծել բարձր արհեստագիտութեանց ոլորտի մեծագոյն ընկերութիւններու հետ՝ Հայաստանին նպատակաուղղուած յետագայ գործակցութեան համար: