ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տարածքին կատարուած «Կալըփ»ի վերջին հարցախոյզին արդիւնքներուն համաձայն՝ ընտրողներուն 75.7 տոկոսը վստահօրէն պիտի մասնակցի 9 Դեկտեմբերին տեղaի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: GALLUP International association-ի Հայաստանի լիիրաւ անդամ «Էմ.Փի.ՃԻ» ընկերութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեան Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբերին հրապարակեց 1էն 4 Դեկտեմբեր իրենց կատարած հարցախոյզին արդիւնքները:
«Ընտրութիւնների մասնակցել պատրաստուող քաղաքացիների 69.4 տոկոսն իր ձայնը տալու է «Իմ Քայլը» կուսակցութիւնների դաշինքին, 5.7 տոկոսը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեանը, 3.8 տոկոսը «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեանը», յայտնեց Նաւասարդեան:
Ըստ հարցախոյզի տուեալներուն՝ «Սասնայ Ծռեր» համահայկական կուսակցութեան ձայն պիտի տան ընտրութիւններուն մասնակցողներուն 1.4 տոկոսը, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան՝ 1.3 տոկոսը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան՝ 1.2 տոկոսը, «Մենք» կուսակցութիւններու դաշինքին՝ 0.8 տոկոսը, «Օրինաց Երկիր» կուսակցութեան՝ 0.4 տոկոսը, «Քաղաքացու Որոշում» Սոցիալ-Դեմոկրատական կուսակցութեան՝ 0.3 տոկոսը, «Ազգային Առաջընթաց» կուսակցութեան՝ 0.1 տոկոսը, Քրիստոնեայ-Դեմոկրատական «Վերածնունդ» կուսակցութեան անունը հարցախոյզին մասնակցողներէն ոեւէ մէկը չէ տուած:
Հարցախոյզը իրականացուած է դէմ առ դէմ սկզբունքով՝ 1100 քաղաքացիներու մասնակցութեամբ: