Սփիւռքի նախարարութիւնը լուծարելու Հայաստանի կառավարութեան մտադրութիւնը անհանգստութիւն յառաջացուցած է սփիւռքահայ լայն շրջանակներու մէջ: Այս անհանգստութեան դրսեւորումներէն են Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի հայ համայնքներէն բարձրացած ձայները: Ստորեւ կը հրատարակենք այդ համայնքներուն ազգային կառոյցներուն հրապարակած յայտարարութիւնները.
Արժանթինի Հայ Համայնքի Յայտարարութիւնը
Արժանթինի հայ համայնքի հաստատութիւններս (IARA) խոր մտահոգութեամբ՝ լրատուական միջոցներէ իմացանք սփիւռքի նախարարութիւնը լուծարելու եւ անոր աշխատակիցները գործէ արձակելու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշման մասին:
Մեր նպատակը կառավարութեան որոշումները հարցականի տակ առնելը չէ, սակայն այն, ինչը կը վերաբերի այս որոշումին բովանդակութեան ու առնուած ձեւին, չի կրնար անտարբեր ձգել մեզ:
Անցնող տասը տարիներուն, ամէն պարագայի քննարկելի մարդկային բոլոր բացթողումներուն, սփիւռքի նախարարութիւնը եղաւ հայրենիքի եւ Սփիւռքի փոխյարաբերութիւնները համակարգող միակ պաշտօնական կառոյցը, որուն շնորհիւ իրականացուեցան արուեստի, կրթութեան, մտաւորական փոխանակումներու եւ բազմաթիւ այլ մշակութային ու ընկերային ոլորտներու պատկանող ծրագիրներ: Ի՛նչ ալ ըլլան սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան հանդէպ արդարացուած կամ չարդարացուած քննադատութիւնները, իտէալականը, ի պահանջեալ հարկին, այդ գործունէութեան վերատեսութիւնն ու բարեփոխումն էր, եւ ոչ թէ կտրուկ կասեցումը:
Մեզ կը մտահոգէ նաեւ որոշումին առնուած ձեւը՝ երկու իմաստով. առաջին՝ սփիւռքի նախարարութեան լուծարումին որոշումին չէ նախորդած այլընտրանքի մը մասին լուրջ քննարկում մը, ընդ որում հայրենիք-Սփիւռք կապերու համակարգումի այլ կառոյցի մը հեռանկարը կը մնայ բացարձակապէս անորոշ: Երկրորդ՝ կը կարծենք, որ սխալ էր նման որոշումի մը կայացման համար բոլորովին անտեսել Սփիւռքի համայնքները, չխորհրդակցիլ հոն գործող ու զանոնք ներկայացնող հաստատութիւններուն հետ: Եթէ անկեղծ էին Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք անոր ղեկավար դէմքերուն հրապարակային յայտարարութիւններն ու պատգամները Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները նոր մակարդակի վրայ դնելու եւ հայրենադարձութեան առաւել եւս թափ տալու ուղղութեամբ, ապա կը սպասէինք, որ անոնք երեւան գային նաեւ գործով ու Սփիւռքի հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու նկատմամբ համապատասխան վերաբերումով:
Հրապարակային կերպով արտայայտելով մեր մտահոգութիւնը կառավարութեան այս որոշումին մասին՝ մենք միշտ յոյսով կը մնանք, որ ի՛նչ ալ ըլլան հետագայ քայլերը, իշխանութիւնները կը մնան յանձնառու համահայկական տեսլականին եւ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները կը դնեն ազգային-քաղաքական օրակարգին վրայ՝ որպէս ուշադրութեան արժանի առանձին խնդիր ու ոչ թէ պետական երկրորդական մակարդակի կառոյցներու պատասխանատուութիւն:
Ուրուկուէյի Հայ Համայնքի Յայտարարութիւնը
Ներքոստորագրեալ Ուրուկուէյահայ համայնքի հաստատութիւններս, յանուն մեր շարքերուն եւ համակիրներուն, հայրենի ԶԼՄներու միջոցով, խոր մտահոգութեամբ տեղեկացանք, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի լուծարէ սփիւռքի Նախարարութիւնը, եւ անոր պաշտօնեաները գործէ ազատ պիտի արձակուին:
Մեր մտահոգութիւնը գլխաւորապէս կ՛երթայ նաեւ այս պետական կառոյցի կասեցմամբ, շփման պակասին, քանի որ իր ստեղծումէն անցած են տասը տարիներ եւ հակառակ անոր, որ անոր գործունէութեան ընթացքին եղած էին բացթողումներ եւ անճշդութիւններ, սակայն Հայաստան-Սփիւռք պետական կապի գլխաւոր օղակը հանդիսացաւ անիկա, ուր մենք՝ որպէս Սփիւռքի ամենահեռաւոր գաղութներէն մին, յաջողեցանք այդ տարիներուն ընթացքին սփիւռքի նախարարութեան ճիգերով, անմիջական կապ հաստատել եւ առիթը ունենալ Մայր Հայրենիքի թէ՛ մշակութային, թէ՛ կրթական եւ թէ արուեստի ոլորտներուն մէջ ճանաչում գտած անձնաւորութիւններու ներկայութիւնը վայելել եւ իրենց միջոցով զգալ հայրենիքի ջերմութիւնը:
Մեզ նաեւ կը մտահոգէ առնուած այս որոշումին ձեւը, քանի որ այլընտրանքի մասին չի խօսուիր, քննարկումներ տեղի չեն ունենար, ինչ որ կը նշանակէ թէ մենք հայրենիքի եւ Սփիւռքի հարցերը համակարգող կառոյց պիտի չունեանք ու այս կապակցութեամբ ալ հեռանկարը կը մնայ շատ անորոշ: Կը կարծենք, որ սխալ է նման որոշում մը տալը՝ առանց խորհրդակցելու Սփիւռքի գաղութներուն հետ, հոն գործող կառոյցները անտեսելով: Եթէ անկեղծ էին Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք անոր ղեկավար դէմքերուն հրապարակային յայտարարութիւններն ու պատգամները, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները նոր մակարդակի վրայ դնելու եւ հայրենադարձութեան ա՛լ աւելի թափ տալու ուղղութեամբ՝ ապա կը սպասէինք, որ անոնք երեւան ելլէին նաեւ գործով ու Սփիւռքի հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու նկատմամբ համապատասխան վերաբերումով:
Մեր մտահոգութիւնը հրապարակելով՝ յոյս ունինք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը մնայ յանձնառու համահայկական տեսլականին եւ Սփիւռքի հետ իր յարաբերութիւնները կը դնէ ազգային քաղաքական օրակարգի վրայ՝ որպէս առանձին ուշադրութեան արժանի խնդիր եւ ոչ թէ պետական երկրորդական մակարդակի կառոյցներու պատասխանատուութիւն:
Մոնթեվիտէօ, 24 Դեկտեմբեր 2018
Ուրուկուէյի Հայոց Թեմի Կեդրոնական Վարչութիւն
ՀՅԴ «Վռամեան» Կոմիտէ
Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ)
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն (ՀՄԸՄ)
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն
«Արմէնիա» Երիտասարդական Միութիւն
ՀՅԴ Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբ
«Կոմիտաս» Ռատիօժամ
Քանի մը հատ կէտ. 1.- Սփիւռքի նախարարութիւնը շինուած ատեն, ով սփիւռքի կարծիքը առաւ: 2.- Ինչու կայ ան կարծիքը, որ նախարարութիւնը հանելով, Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ կապ պիտի չիմնայ, գործակցութիւնը պիտի վերջանայ: Փաշինեանը անանկ բան մը չըսեր կոր: 3.- Աւելի կարեւոր կէտս ալ ան է, որ սկսած ենք շատ մեծ հաւատք եւ վստահութիւն ունենալ աս նոր կառավարութեան վրայ, անոր ըրած մեծ եւ պզտիկ քայլերը լուրջօրէն կը քննարկենք, կը քննադատենք եւ կը գնահատենք: Աս եղածները պէտք է մեզի պատճառ տան տեսնելու որ Հայաստանի մէջ նոր տեսակի տիքտադորա մը կըհաստատուի կոր: Ամէն բան կը կապուի կոր մէկ անձի, որ վարչապէտ պիտի ըլլայ, բարլամանին ընել պիտի տայ ինչոր ինքը որոշէ: Ասիկա եթէ հիմա չենք տեսներ, վաղը ուշ պիտի արթննանք ըսել է: Ժամանակին համայավարներն ալ ամէն բան ժողովուրդին անունով ըրին եւ ետքը տեսանք որ ինչ եղաւ: Ինչու եղեր «մեր նպատակը կառավարութիւնը քննադատել չէ»: Եթէ առաջւանները քննադատուելիք բաներ ընէին, չէի՞նք քննադատեր: Հիմա սխալ ընողին ինչու չիպիտի քննադատենք եղեր, որովհետեւ թաւիշէ մասք մը դրած է: Եթէ չիշտկուի, ատ մասքը պէտք է պատրենք. որքան շուտով, անքան լաւ
Ճիշդ էս վարուժ, Հայաստանի այս Կարապետը՝ Փաչինեանը, շատ բան ունի ըսելիք այս մասին. բայց մենք քիչ մը եւս կ’ըսպասենք որ իր կարավարութեան կազմը, ձանկը անուննէրով՝ իրենձ փորձառութւնները հայտնէ որ գիտնանք թէ ո՞վ-գէր են ասոնք: