ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի «Իքնատոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յաջողութեան Ճամբան» նիւթով հանրային երկու քննարկումներ, որոնք նուիրուած էին երկրորդական վարժարանի եւ համալսարանական ուսման նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Քննարկումներէն առաջինը նուիրուած էր 8րդ դասարանի աշակերտներու ծնողներուն, իսկ երկրորդին մասնակցեցան 9-11րդ դասարաններու աշակերտներու ծնողներ։
Վարժարանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմի անդամները ծնողներուն ներկայացուցին երկրորդական վարժարանի եւ համալսարանական ուսման պայմանները, ինչպէս նաեւ անոնց ասպարէզներու ընտրանքները։
Ապա, անոնք պատասխանեցին ծնողներուն շարք մը հարցումներուն։
Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ անձնակազմը, իրենց կողքին ունենալով Շրջանաւարտներու ցանցը եւ Խորհրդատուական ծրագիրը՝ նեցուկ կը կանգնին վարժարանի աշակերտներուն՝ ընտրելու իրենց համար ամենայարմար համալսարանը, այսպիսով վարժարանին շրջանաւարտները ամէն տարի կ՛ընդունուին շարք մը հեղինակաւոր համալսարաններ։
Վարժարանին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (562) 699-2057 կամ (323) 723-3181 թիւերուն կամ info@mesrobian.org հասցէին։ Վարժարանի համացանցային կայքին հասցէն է՝
www.mesrobian.org։