ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու երկրորդ մասնաճիւղը Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղն է, որուն հիմնադրման գաղափարը յղացած են Միջին Արեւելքէն շրջանը հաստատուած ՀՄԸՄականներ Կարպիս Պէզճեան եւ Ռոստոմ Այնթապլեան: Մասնաճիւղը հիմնելու գաղափարը հայապահպանման հրամայականէն կը բխէր եւ կը միտէր շրջանը հաստատուած հայութիւնը եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը համախմբելու ազգային մէկ դրօշի տակ:
Մասնաճիւղը հիմնելու գաղափարին հաւատացող Բիւզանդ Բալմանուկեան, զօրակցելով մասնաճիւղի հիմնադրութեան գաղափարին՝ 13 Նոյեմբեր 1970ին, նամակ մը կը յղէ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը հիմնելու պատրաստակամութիւնը յայտնելով: Պատմական այս դիմումը ոգեւորութեամբ կ՛ընկալուի ՀՄԸՄի Լոս Անճելըի հիմնադիր մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, որ իր 26 Մայիս 1971ի ժողովին կը վաւերացնէ զայն եւ կը խրախուսէ շրջանը՝ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հիմնելու ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը, որուն նախապատրաստական աշխատանքներուն համար կը նշանակուի յանձնախումբ մը՝ հետեւեալ եղբայրներէն.
Կարպիս Պէզճեան՝ ատենապետ
Սեպուհ Վարդանեան
Ռոստոմ Այնթապլեան
Ժան Ա. Թոմասեան
Պետրոս Խուրտուրեան
Վահագ Թոփճեան
Ժան Թոմասեան
Հիմնադիր յանձնախումբի ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ 95 անդամներ արձանագրել, որոնց 25ը՝ սկաուտներ: 22 Նոյեմբեր 1972ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ գումարուած է մասնաճիւղի առաջի պաշտօնական արձանագրութիւն ունեցող ժողովը, որուն ընթացքին մասնաճիւղի առաջին վարչութեան անդամ ընտրուած են հետեւեալ եղբայրները.
Տիգրան Սարգիսեան՝ ատենապետ
Ժան Ա. Թոմասեան
Նուպար Տէմիրճեան
Արչի Մելքոնեան
Սեպուհ Վարդանեան
Գ. Մարտիրոսեան
Անցնող 47 տարիներուն ընթացքին, մասնաճիւղը մեծ յառաջդիմութիւններ արձանագրած է եւ փորձած է մօտէն գործակցիլ շրջանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերուն եւ Շրջանային վարչութեանց հետ, այսպէս.
18-19 Մարտ 1972ին, նորաստեղծ մասնաճիւղը մասնակցած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպած շրջանի ՀՄԸՄի առաջին պասքեթպոլի մրցումներուն:
Մայիս 1974ին, տեղի ունեցած է մասնաճիւղի առաջին սկաուտական երդման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուած է Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը:
1974ին, մասնակցած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Նաւասարդեան մարզախաղերուն:
1979ին, մասնակցած է ՀՄԸՄի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին կազմակերպած առաջին Դպրոց-բանակումին, որ տեղի ունեցած է Firestone Scout Reservation բանակավայրին մէջ:
1980ին, մասնաճիւղի սկաուտական բաժանմունքը մասնակցած է ՀՄԸՄի Համագաղութային Բ. բանակումին Քլամարի մէջ, Ֆրանսա:
1981ին, մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած է ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի Միջմասնաճիւղային մարզախաղերը, որոնք կը շարունակուին մինչեւս օրս, Ամերիկայի Բանուորներու տօնին զուգադիպող շաբաթավերջը: Մրցաշարքին մասնակցած են ՀՄԸՄի «Արարատ», «Սասուն» եւ «Մասիս» մասնաճիւղերու մարզիկները:
1982ին մասնաճիւղը օժտուած է իր անձնական ակումբով, որ կոչուած է նուիրատու Աշոտ Մամիկոնեանի անունով, որ կը գտնուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հողատարածքին վրայ, 51 Commonwealth Avenue, San Francisco.
1988ին, մասնաճիւղը գնած է կալուած մը Պըրլինկէյմի Խուանիթա պողոտային վրայ, որուն կանխավճարը տրամադրած են բարերարներ՝ Աշոտ Մամիկոնեան 110,000 տոլար եւ Սարգիս Սողանալեան 50,000 տոլար: Նաեւ, մասնաճիւղի վարչութեան նուիրեալ անդամներէն Կարպիս Էօլմէսէքեանի ջանքերով՝ Սէուտական Արաբիոյ շէյխէ մը ապահովուած է այլ նուիրատուութիւն մը, որ գեղեցիկ անակնկալով մը յայտարարուած է մասնաճիւղի տարեկան ճաշկերոյթի ձեռնարկին:
Մասնաճիւղը մէկ վարձակալման գրասենեակ ունեցող կալուած մը գնած էր ուղղակի սեփականատիրոջմէն, պայմանաւ որ երկու տարի ետք գումարը միանուագ վճարուի իրեն, որ շուրջ 320,000 տոլար էր: Մասնաճիւղը նեղ կացութեան չմատնելու հեռանկարով, վաստակաշատ ՀՄԸՄականներ տէր եւ տիկ. Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեաններ ատենին տրամադրեցին այդ գումարը, որ յետագային այլ միջոցներով մաս առ մաս վերադարձուած է:
1980-90 տարիներուն, մասնաճիւղը շաբաթական երկու անգամ ունեցած է Bingo-ի երեկոներ: Տասը տարիներ, շնորհիւ մասնաճիւղի կամաւոր աշխատողներուն, կարելի եղած է վճարել Խուանիթի պողոտային վրայ գտնուող մասնաճիւղի կալուածի պարտքը: Ներկայիս, կալուածի վարձակալէն ստացուած նիւթականը, կ՛օգտագործուի մասնաճիւղի աշխատանքային ծախսերուն: Այս կարեւոր նախաձեռնութեան համար, մասնաճիւղը երախտապարտ է հետեւեալ քոյր-եղբայրներուն՝ Ռուբիկ Նազարեանին, Սեդրակ Սողոմոնեանին, Շահէն Նազարեանին, Ժիրայր Սարգիսեանին, Ռուբիկ Պուտաղեանին, Արմանտ Գիլէճեանին, Կարօ Յանունին, Մուշեղ Անտոնեանին, Արաքսի Սողոմոնեանին եւ Ռոպերթ Պէպէքեանին:
1991ին, մասնաճիւղի անդամներէն Շահէն Աղապապեան, Վահէ Պարոնեան եւ Ժանօ Խաչեան մեծ ներդրում ունեցած են Սանթա Գլարայի մէջ հիմներու ՀՄԸՄի Անի մասնաճիւղը:
2000ին, մասնաճիւղը եւ իր նուիրեալ անդամներէն Արմինէ Մենզիկեան հիմը դրած են ՀՄԸՄի Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղին:
ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղը միշտ ներկայութիւն է գաղութին մէջ: Մասնաճիւղի արի-արենուշները ամէն տարի դրօշակի արարողութիւնը կը կատարեն Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին: Անոնք ամէն տարի նաեւ, նոյն պարտականութիւնը կը կատարեն Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհրդարանին մէջ (Սաքրամենթօ) կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ձեռնարկին:
Այս տարի՝ 9 Օգոստոս 2018ին, ՀՄԸՄի 100ամեակին առիթով, մասնաճիւղի սկաուտական բաժանմունքը հռչակագիր մը ստացաւ Քալիֆորնիոյ Նահանգային ծերակոյտին եւ խորհրդարանին կողմէ:
Մասնաճիւղը վարձած է իր կեդրոնատեղին եւ մարզադաշտերը, ուր կը կատարէ միութենական բոլոր աշխատանքները, ներառեալ մարզական փորձերն ու սկաուտական հաւաքները:
Մարզական խումբերը կը մասնակցին տեղական OYAA Greek League-ի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի լիկերու կազմակերպած մրցաշարքերուն:
Մասնաճիւղի մարզական խումբերը կը մասնակցին նաեւ ՀՄԸՄի միջմասնաճիւղային եւ շրջանային նախաձեռնութիւններուն, թէ՛ մարզական եւ թէ սկաուտական բաժանմունքներուն մէջ: Անոնք ամէն տարի կը մասնակցին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ ակնյայտ յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն. ճրինակ՝ մասնաճիւղի ֆութպոլի Ա. խումբը իր դասակարգին մէջ ախոյեան հանդիսացած է 1989, 1990, 1991, 1994 եւ 1996 տարիներուն: Մանչերու խումբը նաեւ քանի մը անգամներ տիրացած է վոլիպոլի ախոյեանութեան: Մասնաճիւղէն բազմաթիւ մարզիկներ մասնակցած են ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան չորս տարին անգամ մը կազմակերպած Համագաղութային եւ Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն եւ սկաուտական ընդհանուր բանակումներուն:
Մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն տէր եւ տիկ. Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան 1992ին, սիրայօժար ստանձնած են ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 17րդ մարզախաղերուն պատուոյ նախագահութիւնը:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեանց կողմէ «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսին արժանացած են մասնաճիւղի հետեւեալ վաստակաշատ քոյր-եղբայրները, որոնք պաշտօնապէս յայտարարուած են Նաւասարդեան մարզախաղերուն.
Զոհրապ Անտոնեան, 1992ին (Նաւասարդեան 17րդ մարզախաղերուն)
Տէր եւ տիկ. Գաբրիէլ եւ Աստղիկ Փանոսեան, 2004ին, (Նաւասարդեան 29րդ մարզախաղեր)
Զարեհ էքմէքճեան, 2013ին, (Նաւասարդեան 38րդ մարզախաղեր)
Ժիրայր Սարգիսեան, 2015ին, (Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղեր)։
Յայտնենք, թէ Ժիրայր Սարգիսեանի վաստակը մեծ է ՀՄԸՄի կեանքին մէջ: Ան Ընդհանուր խմբապետ նշանակուած է 1990ին, Յունաստանի մէջ կազմակերպուած Համագաղութային 4րդ սկաուտական ընդհանուր բանակումին: Եղբայրը 1999ին ըտրուած է Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ձեռնհասօրէն վարած է փոխատենապետի պաշտօնը:
Շրջանային մակարդակի վրայ, մասնաճիւղէն հետեւեալ եղբայրները ընտրուած են Շրջանային վարչութեան անդամ.
Զարեհ Էքմէքճեան
Հրայր Սարգիսեան
Տիգրան Սարգիսեան
Զօհրապ Անտոնեան
Ժիրայր Սարգիսեան
Րաֆֆի Խաչատուրեան
Արմանտ Գիլէճեան
Շահէն Աղապապեան
Մասնաճիւղէն հետեւեալ եղբայրները, իրենց նուիրեալ միութենական գործունէութեան համար արժանացած են շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն «Ծառայութեան Շքանշան»ին.
Վահան Տէրունեան, 2015ին
Շահէն Աղապապեան, 2016ին
Վաչիկ Սարգիսան, 2018ին
Հետեւեալ արի-արենուշ խմբապետները եւ սկաուտ ղեկավարները մեծապէս նպաստած են մասնաճիւղի սկաուտական թեւի յառաջդիմութեան.
Զարեհ Էքմէքճեան, որ եղած է առաջին Շրջանային խմբապետը
Ռոստոմ Այնթապլեան՝ Մասնաճիւղի առաջին սկաուտ խմբապետը
Աստղիկ Փանոսեան
Մարալ Պուրսալեան
Ռոպերթ Սարգիս
Մարալ Էօլմէսէքեան-Լիոն
Նայիրի Էօլմէսէքեան-Սարգիս
Կորիւն Հայրապետեան
Ժագ Օսկանեան
Վաչիկ Սարգիսեան
Սիրան Թիւթէլեան-Նահապետեան
Ալին Էքմէքճեան-Աղապապեան
Արմինէ Մենզիկեան-Ժամկոչեան
Վարուժ Շիթիլեամ
Մեղեդի Նազարեան
Մարտիկ Չանչանեան
Պարթեւ Վարդանեան
Նորայր Գասապեան
Յովիկ Ազատխանեան
Նարեկ Ղազարեան
Յովիկ Արիստակէսեան
Մասնաճիւղը թէեւ նիւթականի կամ կեդրոն ունենալու դժուարութիւններ չունի, սակայն սկաուտ եւ մասնաճիւղային մակարդակի ղեկավարներու խիստ կարիքը ունի:
Վարչութիւնը մասնաճիւղին մէջ հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծելու հեռանկարով ամէն տարի, Ամերիկայի աշխա-տաւորներու տօնի շաբաթավերջը կը կազմակերպէ միջ-մասնաճիւղային պասքեթպոլի մրցումներ եւ պարբերաբար կը նուիրէ զանոնք կեանքին հրաժեշտ տուած մասնաճիւղի անդամ ՀՄԸՄականներու յիշատակին: Ցարդ այս մարզախաղերը տարբեր տարիներու նուիրուած են Սօսէ Քոչարեանի, Վիգէն Տէմիրճեանի, Զարեհ Էքմէքճեանի եւ Առաքել Տէրունեանի յիշատակներուն:
Դաստիարակչական գետնի վրայ, մասնաճիւղը կազմակերպած եւ հիւրընկալած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ղեկավարման սեմինարներ, իր անդամներուն եւ գաղութին համար: Կազմակերպած է բռնցկամարտի, յատուկ մարզանքներու, հայկական պարերու դասընթացքներ եւ բանակումներ, զանազան ընկերային ձեռնարկներ, դաշտապտոյտներ եւ այլ՝ հետաքրքրական աշխատանքներ: 2015էն ի վեր մասնաճիւղը դպրոցական կրթանպաստ կը տրամադրէ երկրորդական վարժարան կամ քոլեճ յաճախող երկու յառաջադէմ ՀՄԸՄական ուսանողներու, որոնք դրական անդրադարձ կը ձգեն մասնաճիւղէն ներս:
Այս բոլորէն անկախ, մասնաճիւղը իր օգտակար ներդրումը կ՛ունենայ ծրագրելու եւ գործադրելու Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ՀՄԸՄի երեք եւ Ֆրեզնոյի մասնաճիւղերու սկաուտական միացեալ աշխատանքներուն մէջ: Վարչութիւնը նաեւ օգտակար կը հանդիսանայ իր շրջանի երեք մասնաճիւղերու միացեալ ձեռնարկներուն եւ դաշտահանդէսներու կազմակերպման, որ առաւել կը մտերմացնէ մասնակիցները: Այս նպատակով ալ արդէն իսկ երեք մասնաճիւղերու համար ստեղծուած է «Ֆէյսպուք»ի էջ մը, որպէսզի օգտակար հանդիսանան տեղական մասնաճիւղերուն:
Ներկայիս վարչութեան կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ քոյր-եղբայրներէն.
Թամար Գիլիճեան՝ ատենապետ
Նելլի Շիրիքեան
Յարութ Մոմճեան
Կարինէ Գրիգորեան
Քաթիա Նազարեան
Մասնաճիւղը ունի 200 անդամներ, որոնցմէ 150ը մարզական բաժանմունքին կը պատկանին, 25ը՝ սկաուտական, իսկ մնացեալ 25ը գործօն անդամներ են:
Յարատեւութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄի յաղթական արշաւին: Հայ երիտասարդութիւնը ազգին ու հայրենիքի ծառայութեան ոգիով տոգորելու իր առաքելութիւնը ՀՄԸՄը ահա մէկ դարէ ի վեր պատուով կը կատարէ: Բոլորս աջակցի՛նք այս մեծ կազմակերպութեան, որ ան շարունակէ եւ ընդարձակէ իր գործունէութիւնը:
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՎԱՐՈՒԺ ՊԵՏԻԿԵԱՆՆԵՐ
Հպարտ ենք ՀՄԸՄով,
Հպարտ ենք ՀՄԸՄի իրագործումներով,
Հպարտ ենք ՀՄԸՄին զօրակցելով
Հպարտ ենք մեր երիտասարդութիւնը համախմբող, զայն ազգին ու հայրենիքին ծառայելու ոգիով դաստիարակող հարիւրամեայ, բայց միշտ նորոգուող մեծ կազմակերպութեամբ՝ ՀՄԸՄով
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ.
ԱԼՊԵՐԹ ԵՒ ՍՈՆԱ ՇԱՀԻՆԵԱՆՆԵՐ