1960ական թուականներուն, քաղաքական եւ տնտեսական աննպաստ պայմաններու բերումով, մեծ թիւով հայեր՝ յատկապէս Միջին Արեւելքէն, Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուեցան անոնց մէջ կը գտնուէին մանաւանդ Սուրիայէն եւ Լիբանանէն ժամանած ՀՄԸՄականներ: Հետզհետէ բազմացող հայութիւնը համախմբելու եւ մանաւանդ երիտասարդութեան համար մաքուր շրջապատ մը ստեղծելու կարեւորութիւնը հրամայական դարձաւ:
Մինչ այդ, ֆութպոլը մեծ ժողովրդականութիւն վայելելով՝ կազմուած էին բազմաթիւ մարզական խումբեր, որոնց համախմբումն ու անոնց հայկական դիմագիծ տալը եւս անհրաժեշտ կը նկատուէր:
Այս հրամայականը գործնականի վերածելու հեռանկարով, խումբ մը նուիրեալ ՀՄԸՄականներ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին Լոս Անճելըսի մէջ հիմնելու հայութեան սիրտին խօսող ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը: Այս իմաստով առաջին քայլը առած է ռումանահայ ազգային գործիչ Սարգիս Սարունին, որուն գլխաւորութեամբ հիմնադրուած է Ռումանահայ «Րաֆֆի» միութիւնը, որուն անդամ ֆութպոլասէր երիտասարդներէն կազմուած ֆութպոլի առաջին խումբը (1966) կոչուած է Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութիւն՝ ՀՄԸՄ: Ուրախութեամբ պէտք է ընդգծել, թէ պատմական այս առաջին քայլը ստացած է օրհնութիւնը ՀՄԸՄի հիմնադիրներէն Տիգրան քհնյ. Խոյեանի:
Գեղեցիկ այս նախաձեռնութիւնը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած է շրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ պատմական առիթ հանդիսացած է ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը հիմնելու: Այս նպատակը իրականութիւն դարձնելու հեռանկարով, Սարգիս Սիրունիի գլխաւորութեամբ յանձնախումբ մը կազմուած է, որպէսզի, առաջին հերթին, համախմբէ շրջանը հաստատուած ՀՄԸՄականները, ապա անոր շարքերը բազմացնէ երիտասարդութեամբ:
Հպարտութեամբ պէտք է արձանագրել, թէ նշեալ յանձնախումբին հետեւողական աշխատանքներուն շնորհիւ, կարելի եղած է ստեղծել ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը հիմնելու անհրաժեշտ պայմանները: Եւ այսպէս, Յունուար 1968ին գումարուած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը, որուն ընթացքին հետեւեալ քոյր-եղբայրներէն ընտրուած է հիմնադիր վարչութեան կազմը.
Եղբ. Յարութիւն Բարսեղեան՝ ատենապետ
Եղբ. Յարութիւն Սարգիսեան՝ փոխատենապետ
Քոյր Միրէլ Սարգիսեան՝ քարտուղար
Եղբ. Յակոբ Առաքելեան՝ գանձապահ
Եղբ. Վարդգէս Սահակեան՝ սկաուտ խմբապետ
Եղբ. Զարեհ Թողիկեան՝ ֆութպոլի պատասխանատու
Եղբ. Յարութիւն Փէլէնկեան՝ խորհրդական
Եղբ. Էդուարդ Սարգիսեան՝ խորհրդական
Նորընտիր վարչութիւնը, նորաստեղծ մասնաճիւղին համար իբրեւ կեդրոնատեղի, Սանթա Մոնիքա պողոտային վրայ վարձած է տուն մը, որ հակառակ իր համեստ պայմաններուն՝ երկար տարիներ օգտագործուած է իբրեւ ակումբ, ուր համախմբուող շրջանի երիտասարդութիւնը, ամէնօրեայ իր ներկայութեամբ մեղուի փեթակի մը վերածած է զայն:
Վարչութեան առաջին կարեւոր աշխատանքներէն մէկը եղած է մասնաճիւղի ծրագիր-կանոնագիրի պատրաստութիւնը, որուն մեծապէս օգտակար հանդիսացած են փորձառու միութենականներ: Ապա, վարչութիւնը լծուած է անդամարշաւի կարեւոր աշխատանքին եւ առաջին տարին իսկ կրցած է 124 նոր քոյր-եղբայրներ անդամագրել: Կազմուած են մարզական եւ սկաուտական խումբեր, որոնք բեղուն գործունէութեամբ՝ մեծ թիւով երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ներգրաւած են մասնաճիւղին շարքերը: Մարզական թեւը գլխաւորաբար զբաղած է ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ թեթեւ աթլեթի մարզաճիւղերով:
Արդէն իսկ աշխուժացած մասնաճիւղը վաւերացուած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ նահանգապետութեան, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի մէջ իբրեւ ՀՄԸՄի Գերագոյն մարմին գործող ՀՄԸՄի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութեան կողմէ: Աւելի ուշ, 1970ին, մասնաճիւղը վաւերացուած է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան՝ Internal Revenue Service-ին կողմէ՝ իբրեւ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն (non-profit organization):
1971ին, մասնաճիւղի պասքեթպոլի խումբը առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ Պասքեթպոլի լիկի մրցաշարքին եւ նուաճած երկրորդ դիրքը: Այնուհետեւ, պասքեթպոլի խումբը բազմաթիւ անգամներ տիրացած է նոյն լիկին կազմակերպած մրցաշարքերու ախոյեանութեանց: Նոյնքան ոգեւորութեամբ պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրած է նաեւ մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբը՝ բազմաթիւ անգամներ տիրանալով Լոս Անճելըսի «Մէյճըր լիկ»ի Ա. դասակարգի միջազգային խումբերու տարեկան մրցաշարքերու ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ նոյն լիկին կազմակերպած Քալիֆորնիոյ նահանգի բաժակին, «Սինքօ տը Մայօ» Ա. դասակարգի ֆութպոլի միջազգային խումբերու եւ բազմաթիւ այլ տեղական մրցաշարքերու ախոյեանութեանց:
Մասնաճիւղի հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է նաեւ անոր սկաուտական թեւը, որ մինչեւ 1980, իր շաբաթական աշխատանքը կատարած է Griffith Park-ին մէջ, իսկ այնուհետեւ եւ մինչեւ օրս՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի շրջափակին:
Մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդները մեծ օգտակարութիւն ունեցած են սկաուտական բաժանմունքի աշխատանքներու յաջողութեան մէջ: Մասնաճիւղի արի-արենուշները մասնակցած են Յունաստանի, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած Համագաղութային եւ Համա-ՀՄԸՄական Ընդհանուր բանակումներուն:
1981ին, մասնաճիւղը ունեցած է նաեւ իր քոնկֆու-քարաթէի «Վահագնի» Սեւ գօտիներու միաւորը, որ իր շուրջ համախմբած է բազմաթիւ պարման-պարմանուհիներ, որոնք մասնակցելով տեղական մրցումներու՝ պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրած են:
Մարզական եւ սկաուտական թեւերուն առընթեր, պէտք է ընդգծել նաեւ, որ Ընկերային յանձնախումբը, իր շուրջ համախմբելով մեծաթիւ երիտասարդութիւն՝ կարեւոր դեր ունեցած է մասնաճիւղի աշխուժացման մէջ: Մասնաճիւղի վերելքին մեծապէս նպաստած են նաեւ մասնաճիւղի Ծնողական եւ Օժանդակ յանձնախումբերը:
Շրջանի երիտասարդութիւնը հրապուրած ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, 1982ին ունեցած է իր նուագախումբը: Որոշ տարիներ մասնաճիւղը նաեւ հրատարակած է իր «Լրատու» պարբերաթերթը՝ գաղութին ներկայացնելով ՀՄԸՄի բեղուն գործունէութիւնը:
Մասնաճիւղի մարզական խումբերը մասնակցած են շրջանէն ներս կազմակերպուած միջմասնաճիւղային եւ Նաւասարդեան մարզախաղերուն ու պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրած են:
Նոյեմբեր 1990ին, մասնաճիւղի անդամներէն Մարօ Քէշիշեան գործուղուած է Հայաստան, հայրենիքի մէջ ՀՄԸՄի վերընձիւղման աշխատանքներուն իր գործօն մասնակցութիւնը բերելու համար: Քոյրը առաջին այցելութեամբ երեք ամիսներ մնալով Հայաստան եւ այնուհետեւ տարեկան այցելութիւններով զանազան մակարդակի բանակումներ, դաստիարակչական սեմինարներ եւ գործնական սկաուտական աշխատանքներ կազմակերպելով՝ մեծ ներդրում ունեցած է հայրենիքի մէջ ՀՄԸՄը վերակազմակերպելու եւ նոր մասնաճիւղեր հիմնելու գործին մէջ: 1991ի ամրան, նոյն նպատակով Հայաստան գործուղուած է նաեւ Յարութ Մատէնեան: Մասնաճիւղի անդամներէն Գօգօ Պալեան, ՀՄԸՄի Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչական իր պարտականութիւններէն անկախ, մեծ ներդրում ունեցած է յատկապէս ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Բիւրականի եւ Երեւանի Հայկ Յովսէփեան բանակավայրերու բարեզարդման աշխատանքներուն մէջ՝ անհրաժեշտ նիւթական աղբիւրները ապահովելով:
Հպարտութեամբ պէտք է արձանագրել, թէ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութիւնները մեծապէս քաջալերած եւ նախաձեռնողը եղած են Քալիֆորնիոյ մէջ յաջորդաբար հիմնելու ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի, Ֆրեզնոյի «Սասուն», եւ Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղերը:
Նաեւ, մասնաճիւղը միշտ համագործակցած է շրջանի քոյր մասնաճիւղերուն հետ՝ մասնակցելով անոնց կազմակերպած միջմասնաճիւղային մարզական մրցումներուն եւ սկաուտական բանակումներուն: Մեծ ոգեւորութեամբ, անիկա մասնակցած է նաեւ Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու մրցումներուն եւ քաջալերական արդիւնքներ արձանագրած է պասքեթպոլի, վոլիպոլի եւ յատկապէս ֆութպոլի մարզաճիւղերուն մէջ:
Մասնաճիւղէն մեծ թիւով հաւատաւոր անդամներ սիրայօժար ընդունած են ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերը եւ այդ առիթով՝ իրենց իշխանական նուիրատուութիւններով խրախուսած են միութեան ծրագիրներուն յաջողութիւնները: Այդ քոյր-եղբայբերն են՝
Տէր եւ տիկ. Էնտի եւ Ալին Անտոնեան, 1984ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 9րդ մարզախաղեր
Տէր եւ տիկ. Ճորճ եւ Ալիս Ատամեան, 1985ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 10րդ մարզախաղեր,
Տոքթ. եւ տիկ. Սարգիս եւ Թամար Արեւեան, 1986ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 11րդ մարզախաղեր,
Տէր եւ տիկ. Վարդգէս եւ Ֆլորա Ալլահայտոյեան, 1991ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 16րդ մարզախաղեր,
Տիար Քերոբ Առաքելեան, 1993ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 18րդ մարզախաղեր,
Տէր եւ տիկ. Հրաչ եւ Մարինէ Անտոնեան, 1996ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 21րդ մարզախաղեր,
Տիկ. Աշխէն Փիլաւճեան, 2000ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 25րդ մարզախաղեր
Տէր եւ տիկ. Շանթ եւ Վերժին Հայթայեան, 2005ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 30րդ մարզախաղեր,
Տէր եւ տիկ. Վահագն եւ Պայծառ Թովմասեան, 2008ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 33րդ մարզախաղեր:
Տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան, 2015ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղեր
Իսկ հետեւեալ քոյր-եղբայրները, իրենց միութենական անձնուիրութեան եւ ՀՄԸՄականի բեղուն գործունէութեանց համար, արժանացած են Շրջանային վարչութեան «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսին, որ յայտարարուած է նոյն տարուան Նաւասարդեան մարզախաղերուն ընթացքին.
Պարգեւ Շիրինեան – 1990
Ճամիլ Սարգիսեան – 1993
Յարութ Հալէպեան – 1994
Յարութիւն Բարսեղեան – 1995
Ճէք Տէր Պօղոսեան – 1997
Յակոբ Օվայեան – 1999
Շանթ Հայթայեան – 2000
Վարդգէս Ալահայտոյեան – 2003
Սամուէլ Մկրտիչեան – 2006
Նիկոլ Արզումանեան – 2007
Զաքար Չորպաճեան – 2009
Պերճ Ճամճեան – 2010
Մարօ Քէշիշեան – 2012
Գօգօ Պալեան – 2018
Այս տարի (2018) մասնաճիւղին 50ամեակն էր: Հինգ տասնամեակներու իր գոյութեան ընթացքին, այս մասնաճիւղը, շնորհիւ իր հաւատաւոր ու զոհաբերուող անդամ-անդամուհիներուն, մարզական եւ սկաուտական շարքերուն, պատասխանատու քոյր-եղբայրներուն եւ յատկապէս վարչութիւններու նուիրական գործունէութեան՝ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է շրջանի հայկական իրականութեան մէջ:
Մասնաճիւղէն հետեւեալ քոյր-եղբայրները, իրենց միութենական նուիրեալ եւ մասնաճիւղի յառաջդիմութեան մէջ արդիւնաբեր աշխատանք կարարած ըլլալնուն համար, մասնաճիւղին առաջարկով՝ Շրջանային վարչութեան կողմէ արժանացած են շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն՝ «Ծառայութեան» շքանշանին: Շքանշաններն ու համապատասխան հաստատագիրները յանձնուած են ամէն տարի Նոյեմբեր ամսուն կազմակերպուած եւ ՀՄԸՄի Օրուան նուիրուած ձեռնարկին.
Քոյր Անի Հինտոյեան – 2015
Քոյր Սիւզի Մինոյեան – 2016
Եղբ. Մհեր Դաւիթեան – 2017
Քոյր Մարօ Քէշիշեան – 2018
Բնականաբար, քանի մը էջերու մէջ կարելի չէ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին ծնունդ տուած ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ամբողջական պատմութիւնը ներկայացնել, սակայն հպարտութեամբ կ՛արձանագրենք, թէ մասնաճիւղը իր տեղական գործունէութեան առընթեր, աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ շրջանային եւ միջմասնաճիւղային աշխատանքներուն մէջ: Լուրջ աշխատանք կը տանի անիկա, որ իր անդամները առաւելագոյն թիւով մասնակցին յատկապէս հայրենի եւ Համահայկական մարզական եւ սկաուտական նախաձեռնութիւններուն, որպէսզի անոնք մի՛շտ համախմբուած մնան հայկական մաքրամաքուր ՀՄԸՄական շրջապատէն ներս:
2017-2018 տարեշրջանի մասնաճիւղի վարչութեան կազմը կը բաղկանար հետեւեալ քոյր-եղբայրներէն.
Օննիկ Պէրպէրեան – ատենապետ
Անդրէաս Հինտոյեան
Նաթալին Հինտոյեան
Ռազմիկ Լիպարեան
Սարին Փափազեան
Սիւզի Մինոյեան
Արի Պօյաճեան
Վիքի Անսուրեան
Ռոժէ Աւաննէսեան
Այսօր, մասնաճիւղը ունի 348 անդամ-անդամուհիներ, որոնց 195ը մարզիկ-մարզկուհիներ են, 106ը՝ գայլիկ-արծուիկներ եւ արի-արենուշներ, իսկ 18 տարեկանէն վեր՝ 258 անդամներ, որոնք մասնաճիւղի զանազան յանձնախումբերու մէջ կը գործեն:
ՊԸՐՊԵՆՔ
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԻՒՆ
ՀՕՄ-Ի «ԱՐԱԶ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՀՄԸՄ-Ի «ՍԻՓԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՀԵԴ «ՎԱՐԱԳ» ՈՒԽՏ
«ԿԱՅԾԱԿ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Ս. Ծնունդ
Թող Բոլորիս Ջանքերով Վերականգնի
Միացեալ Հայաստանը
ՀՄԸՄի հարիւրամեայ
վաստակին առջեւ խոնարհելով, աւելի պանծալի
նոր հարիւրամեակ մը
կը մաղթենք անոր:
Անկարելին կարելի դարձնելու վճռականութիւն կը մաղթենք
ՀՄԸՄի պատասխանատուներուն, որպէսզի ոչ մէկ հայ երեխայ, պատանի ու երիտասարդ չզրկուի այս մեծ կազմակերպութեան շնորհած բարիքներէն:
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ.
ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ՍԻՒԶԱՆ
ԿԻՏՑԻՆԵԱՆՆԵՐ