ՇՈՂԵՐ ՈՒՐԼԵԱՆ
ՀՅԴ Տիթրոյթի «Ազատամարտ» կոմիտէն 9 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին նշեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 128ամեակը շուրջ 200 համակիրներու եւ կուսակցականներու ներկայութեամբ:
Օրուան յայտագիրը սկսաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ ՀՅԴ «Մշակ բանուոր» քայլերգներով՝ կատարողութեամբ Շանթ Մասոյեանի, որ Նիւ Ճըրզիէն եկած էր օրուան յայտագիրին մաս կազմելու համար:
Բացման խօսքը կատարեց ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Ուրլեան, որ իր հակիրճ խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՅԴի 128 տարուան հարուստ պատմութեան եւ ՀՅԴի նպատակներուն: Օրինակ տալով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակը՝ թէ ինչպէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը գլխաւոր դեր խաղցաւ այս պատմական հանգրուանին: Ան նաեւ կեդրոնացաւ ՀՅԴի Սփիւռքի մէջ տարած հայապահպանման աշխատանքին, իր յարակից միութիւններով՝ Հայ Երիտասարդական Միութիւն, Պատանեկան Միութիւն, Ուսանողական Միութիւն, ՀՕՄ, Համազգային, ՀՄԸՄ եւ Հայ Դատ:
Սեղանի օրհնութենէն եւ ճաշերու հիւրասիրութենէն ետք սկսաւ օրուան յայտագիրը: Տիթրոյթի Հայ Երիտասարդական Միութեան «Կոպեռնիկ Թանտրճեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Հելէն Աթար փոխանցեց երիտասարդութեան պատգամը. ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէին՝ անոր առաջնորդութեան եւ օժանդակութեան համար:
Օրուան առաջին բանախօսն էր Քէն Խաչիկեան, Շիքակոյէն, Հայ Դատի Արեւելեան շրջանի Գործադիր վարչութեան նախկին ատենապետ եւ Հայ Իրաւական կեդրոնի ատենապետ: Խաչիկեան բացատրեց, թէ ինչպէս հայ գաղութները եւ հայորդիները կրնան իրենց իրաւական պահանջքները ձեռք ձգել: Ան անդրադարձաւ այս կէտի կարեւորութեան վրայ, թէ մեր անցեալի կալուածներու պահանջատիրութեան համար, եւ ներկայիս ալ Արցախի ինքնավարութեան իրաւունքին եւ հայ ժողովուրդի մարդկային իրաւունքներուն առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ ինքզինք ղեկավարելու եւ ազատ անկախ պատմական հողերու վրայ բնակելու իրաւունքին:
Յաջորդ բանախօսն էր Ֆիլատելֆիայէն ժամանած, ՀՅԴ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արա Չալեան, որ փոխանցեց Կեդրոնական կոմիտէին շնորհաւորութիւնները Տիթրոյթի գաղութին եւ ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէին, իրենց ազգանուէր եւ անձնուէր աշխատանքներուն եւ հաստատեց, որ Տիթրոյթի գաղութը՝ իբրեւ բարի օրինակ կը ճանչցուի Արեւելեան շրջանի մէջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ ՀՅԴի երկարամեայ եւ հարուստ պատմութեան, եւ ՀՅԴի եզակի դերակատարութեան հայ գաղութները կերտելու, առաջնորդելու եւ հայ պահելու: Չալեան իր խօսքը եզրափակեց՝ ներկաներուն եւ մանաւանդ երիտասարդները հրաւիրելով գործունեայ եւ եռանդուն անդամ ըլլալու գաղութին, մասնաճիւղերուն եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ մասնակից ըլլալու ապագան կերտելու գործին մէջ:
Օրուան բանախօսներու խօսքերէն ետք Րաֆֆի Ուրլեան խօսք առաւ եւ բացատրեց ՀՅԴ Տիթրոյթի «Ազատամարտ» կոմիտէի բարի սովորութեան՝ երիտասարդ առաջնորդի «Գարեգին Նժդեհ» մրցանակին եւ համակիրի մրցանակներուն մասին: Ան նշեց, թէ համակիրի մրցանակը կը շնորհուի գաղութի այն անդամներուն, որոնք կուսակցութեան վարքագիծին, սկզբունքներուն, քաղաքական արեւելումին ճշդութեան համոզուած, եւ առանց շարքային անդամ ըլլալու կ՛աշխատին եւ կը ծառայեն այդ գաղափարին եւ նպատակին իրականացման համար:
«Գարեգին Նժդեհ» մրցանակին արժանացաւ Հելէն Աթար՝ իր օրինակելի անդամ ըլլալուն եւ իր տարած անխոնջ աշխատանքին համար։
«Համակիրի մրցանակ»ին արժանացան Կարինէ Չոփչեան՝ ՀՄԸՄի տարիներու գլխաւոր խմբապետուհիի անձնուէր իր աշխատանքին համար, Սօսի Փալանճեան՝ ՀՕՄի «Ցոլիկ» մասնաճիւղի վարչական եւ ՀՄԸՄի վարչութեան անդամ եւ ՀՅԴի ձեռնարկներու կամաւոր աշխատող, Սիրվարդ Թելպէլեան՝ ՀՕՄի «Շաքէ» մասնաճիւղի երկարամեայ ատենապետուհի:
Եւ վերջապէս «Յիշատակի պարգեւ» մրցանակը ներկայացուց Տիթրոյթի «Ազատամարտ» կոմիտէի անդամ Սեպուհ Սարգիսեան, որ ներկայացուց մեզմէ շատոնց բաժնուած Արամ Հարազեանի տարած աշխատանքները եւ խօսեցաւ անոր արժանաւոր կուսակցականի վարքին եւ ներդրումներուն մասին: Արամ Հարազեանի անուան մրցանակը յանձնուեցաւ իր որդիին՝ Տէյվիտին:
Մրցանակներու բաշխումէն ետք, բեմը յանձնուեցաւ Շանթ Մասոյեանին, որ ազգային եւ կուսակցական երգերով ներշնջեց ներկաները: