
ՍԵՆ ԱՆԹՈՆԻՕ, Թեքսաս, «Հայ Շարժում».- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան եւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին համագործակցութեամբ, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15ին, Թեքսասի Սեն Անթոնիօ քաղաքի «Կրենտ Հայեթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը:
«Նորարար մօտեցումներ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութեան (1918-1920)» խորագրուած սոյն գիտաժողովին պաշտօնական բացումը կատարեց Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան վարչութեան ատենապետ Պետրոս Տէր Մաթոսեան, որ շեշտեց նման միջազգային գիտաժողովներ կազամկերպելու կարեւորութիւնը հայագիտութեան զարգացման ջանքերուն մէջ:
Ա. նիստը, որուն խորագիրն էր «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը միջազգային պարունակէն ներս» առաջնորդեց Ցոլին Նալպանտեան, իսկ անոր ընթացքին ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցին Ճորճ Պուռնութեան (Հանրապետութեան հողային պահանջներուն մասին), Վարդան Մաթէոսեան (Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հանրապետութեան ճանաչումը ապահովելու գործընթացին մասին) եւ Արի Շէքէրեան (Հանրապետութեան հաստատման առնչութեամբ օսմանաթրքական եւ Պոլսոյ հայկական մամուլին հակազդեցութիւններուն մասին):
«Սեռ, անհատականութիւններ եւ մշակոյթ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մէջ» խորագրուած Բ. նիստը առաջնորդեց Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, իսկ անոր ընթացքին ուսումասիրութիւններ ներկայացուցին Սեդա Դ. Օհանեան (Հանրապետութեան երեսփոխանուհիներուն մասին), Եագուպ Օսիէսքի (Հանրապետութեան եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու ջանքերուն մասին)։
Փակման խօսքը պիտի արտասանէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած քառահատոր աշխատասիրութեան հեղինակ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան:
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
societyforarmenianstudies.com կայքը:
Նշենք, որ սոյն գիտաժողովին զուգահեռ, նոյն պանդոկին մէջ, Նոյեմբեր 15-18ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի ուսմանց միութեան տարեկան 52րդ հանդիպումը, որուն ընթացքին եւս ներկայացուեցան հայութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւններ: