ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Տօնական օրերու սեմին, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի 10րդ դասարանէն երեք աշակերտուհիներ՝ Արիանա Արշակունի, Տաւինա Թապպախ եւ Իզապէլ Զանազանեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին Փիքօ Ռիվերա քաղաքի կարիքաւոր ընտանիքներու զաւակներուն նուիրուած խաղալիքներ եւ այլ նուէրներ ծրարելու աշխատանքին, որ տեղի ունեցաւ քաղաքին բարեսիրական հաստատութիւններէն մէկուն մէջ։
Մօտաւորապէս 50 ընտանիքներու երեխաները այդ նուէրները Կաղանդ Պապայէն ստացան, իրենց համար աւելի ուշ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին։
«Հայաստանին եւ Արցախին աջակցելու կողքին, կը փափաքինք, որ վարժարանին աշակերտները գործնականապէս օգնութեան ձեռք երկարեն տեղւոյն համայնքին, յատկապէս տօնական այս օրերուն», նշուած է վարժարանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։