ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Ֆրեզնոյի հայութեան պատմութեան նուիրուած մնայուն ցուցահանդէս մը բացուած է Ֆրեզնօ Գաւառի Պատմութեան թանգարանին մէջ, ուր լուսարձակի տակ կ՛առնուին յատկապէս Ֆրեզնոյի առաջին հայերուն ներդրումները եւ իրագործումները Սան Ուաքին հովիտի տնտեսական ու կրօնական կեանքին եւ հողագործութեան պատմութեան մէջ։
Ցուցահանդէսը իրականցած է շնորհիւ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի շրջանաւարտներ Ճեֆրի եւ Ճէյսըն Ահրոնեաններու ջանքերուն եւ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի, Ռիչըրտ Ահրոնեանի ու Ռիչըրտ Յակոբեանի ցուցաբերած աջակցութեան։
Ցուցահանդէսին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել՝ (559) 650-3247 թիւին։