ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»Ի
Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման որոշումը տարօրինակ թուեցաւ շատերուն, յատկապէս սփիւռքահայերուն, որովհետեւ Հայաստանի ներկայ զարգացումներուն հետեւելով, Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւնները նոր որակի բարձրացնելու ռազմավարութեան մը որդեգրումը կ՛ակնկալէինք, անկախ ձեւականութիւններէն, այս յարաբերութիւնները զուտ տնտեսական կամ զբօսաշրջութեան շահերու դիտանկիւնէ ըմբռնողներու հայեցակէտերէն, համահայկական ժողովներէն, հանդիսութիւններէն եւ այլն:
Հաւանաբար նախարարութիւնը չեղեալ համարելու քայլը արդիւնք էր նախորդ տարիներուն սփիւռքի նախարարութեան գործառոյթներուն մէջ յստակ ռազմավարութեան մը բացակայութեան կամ իրականացած ձեռնարկներուն յարաբերական եւ համահայկական հնչեղութեան իմաստով կեցուածքներու, մօտեցումներու մերձեցման ծառայելուն կող-քին, գործնական, շօշափելի արդիւնքներու բացակայութեան:
Այո, համահայկական հարցերու քննարկման եւ միացեալ որոշումներու կայացումին համար այլ հարթակներ կարելի է օգտագործել եւ նուազ ծախսալից միջոցներ որդեգրել, սակայն Սփիւռքի եւ Հայրենիքի կարելիութիւններուն համընդհանուր օգտագործման համար յստակ ռազմավարութիւն, մտաւորական, տնտեսական կարելիութիւններ եւ մարդուժ պէտք է տրամադրել: Այս բոլորը իրականացնելու համար փոխգործակցութեան նպատակային ծրագիր ունենալու ենք բնականաբար: Ծրագիր մը, ուր արձանագրուած ըլլան իւրաքանչիւր կողմին կարելիութիւնները, աշխատանքային դաշտին տարածքը, օգտագործելի լծակները եւ այլն:
Այսօր, անկախութենէն քառորդ դար ետք, տակաւին կը նշմարենք Սփիւռք-Հայրենիք փոխադարձ ճանաչողութեան հսկայ բաց մը, փոխադարձ կարելիութիւններու արժեւորման թերի գնահատում մը:
Հայրենակեդրոն կամ սփիւռքակեդրոն գործունէութեան կոչերէն անդին, անհրաժեշտ է նախ լաւապէս ըմբռնել իւրաքանչիւրին էութիւնը, բազում կարելիութիւնները, դիմագրաւած դժուարութիւնները, պահանջներն ու գոյութեան իմաստն ու կարեւորութիւնը համահայկական ընդհանուր պատկերին մէջ:
Աւանդական Սփիւռքը, օրինակ, երբ կը պայքարի ոչ միայն իր գոյութիւնը, այլեւ ողջ արեւմտահայ մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը պահելու եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցելու համար, հսկայ աշխատանք ունի տանելիք: Իսկ այս աշխատանքին սատարելը ոչ դասագիրքերու փոխանակումով կ՛իրականանայ, ոչ ալ ժողովներով կամ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներով: Անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ նպատակային քաղաքականութիւն մշակել, այդ ուղղութեամբ միացեալ ռազմավարութիւն որդեգրել եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի ձեռնարկել: Ասիկա օրինակ մըն է միայն: Այս առումով ի՞նչ կատարուած է մինչեւ հիմա:
Միւս կողմէ, Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական շահերուն սատար հանդիսանալու ինչպիսի՞ քաղաքականութիւն որդեգրած է Սփիւռքը, ընդհանուր առմամբ, անկախ աւանդական կուսակցութիւնենրու տարած ողջունելի աշխատանքէն, Հայ Դատի գրասենեակներուն օգտագործած քաղաքական լծակներէն, անհատ բարերարներու ժամանակաւոր ներդրումներէն: Սփիւռքը իր կարելիութիւններուն քանի՞ առ հարիւրը օգտագործած է այս նպատակին ծառայելու համար: Որքանո՞վ յաջողած են «Դէպի Երկիր» կամ «Հայրենադարձութիւն» կարգախօսները, ինչպիսի՞ քաղաքական, տնտեսական օգտագործելի լծակներ ունի Սփիւռքը եւ որքանո՞վ օգտագործած է զանոնք: Տակաւին չենք խօսիր ոչ-աւանդական Սփիւռքին, անոր կարելիութիւններուն մասին:
Պարզ հաշուարկով մը երկպալատ խորհրդարան ունենալով, Հայաստանի մէջ սփիւռքահայութեան իրաւական ներկայութիւնը ամրագրելով, Սփիւռքի կառոյցներուն հետ փոխադարձ յարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելով եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի ռազմավարութիւն մը ճշդելով Սփիւռքի նախարարութիւնը կարելի է վերածել իսկապէս շարժիչ ուժի, փոխշահաւէտ ծրագիրներ իրականացնողի, կառոյցի մը, որ ոչ թէ տնտեսական բեռ պիտի ըլլայ պետական պիւտճէին, այլ արդիւնաւէտ ու հասոյթ ապահովող գերատեսչութիւն մը, ուր պիտի հանդիպին գործարարն ու քաղաքական գործիչը, մտաւորականն ու կրթական մշակը, կրօնաւորն ու գիտնականը, եւ այս բոլորին հաւաքական աշխատանքին, գործակցութեան արդիւնքով պիտի արդիւնաւորուի Սփիւռքի մախարարութիւնը:
Հսկայ Սփիւռք ունեցող երկիր մը, այլապէս, չի կրնար երկրորդական համարել կամ ձեւական չափորոշիչներով կառավարել Սփիւռք-Հայրենիք գործակցութեան զգայուն դաշտը:
«Գանձասար»ը լոյս կը տեսնէ Հալէպի մէջ
Հետաքրքիր և շատ տեղին վերլուծություն է արված այս հոդվածում, բայց կա մեկ հիմնական հարց որին պիտի նախ անդրադառնալ և ապա անդրադառնալ խնդիրներին ու նրանց լուծումներին։ Հարցը նրանում է թե արդյո՞ք շարունակական Հայաստանի Հանրապետության կառավարությունները հետաքրքրված են սփյուռքին ներառել Հայաստանի կառավարման ու զարգացման աշխատանքներում։ Անցյալի ու ներկայի ընթացքը չի ներշնչում այն համոզմունքը որ կա այդպիսի ցանկություն կամ մինչև անգամ հետաքրքրություն։ Երկու տարի առաջ կատարեցին փոփոխություն սահմանադրության մեջ որի համաձայն Ազգային Ժողովի անդամ կամ նախարար լինելու համար, անձը պիտի լինի «միայն» Հայաստանի Հանրապետության քաղաքացի։ Այսպիսով ամրապնդեցին այն հարցը որ այլևս սփյուռքահայությունը չկարողանա մասնակից լինի Հայաստանի կառավարման բարձրագույն ատյաններին։ Իսկ վերջին արարքը եղավ անտեսելով սփյուռքահայության կարեորութույնը՝ լուծարեցին Սփյուռքի նախարարությունը փոխարեն կատարել հիմնական բարեփոխումներ որ նա դառնար գործնական ու իրական սփյուռքահայերի հարցերի բարեկարգողը և դառնա կամուրջ ստեղծողը հայրենիքի ու սփյուռքի միջև։
Նորութիւն չէ որ «Հայաստանի Հանրապետութեան շարունակական կառավարութիւններ»ը հետաքրքրուած են միա՛յն խօսքով սփիւռքին ներառել Հայաստանի (այն ալ մասնակի) աշխատանքներուն մէջ։ Միշտ նո՛յն մօտեցումն է.- Թող սփիւռքը նիւթապէս օգնի մեզ բայց մեր գործերին չխառնուի:
Խորքին մէջ յանցանքը «Հայաստանի Հանրապետութեան շարունակական կառավարութիւններ»ունը չէ՛. յանցանքը Սփիւռք(ներ)ի՛նն է, որ միա՛յն զգացական սկզբունքներէ մղուած՝ ինքզինք կամաւորապէս դարձուցած է «կթան կով», առանց պահանջել-ակնկալել-պայմանադրելու որեւէ բան: