ԵՐԵՒԱՆ.-«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) կեդրոնական գրասենեակին մէջ, Ուրբաթ, 11 Յունուարին տեղի ունեցաւ ԲՀԿ քաղաքական խորհուրդի նիստը, զոր վարեց կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան 7րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ ԲՀԿ խմբակցութեան յառաջիկայ ծրագիրները:
Ժողովականները որոշեցին Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնին առաջադրել Վահէ Էնֆիաջեանի թեկնածութիւնը:
Նշենք, որ «Իմ Քայլ»ը դաշինքը որոշած է Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնին զօրակցիլ ԲՀԿի առաջարկած թեկնածուին:
ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղարի պարտականութիւնները պիտի իրականացնէ Արման Աբովեան: