ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 16 Յունուարին, Արցախի մէջ սկիզբ առաւ ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովը, որուն կը մասնակցին աշխարհի շուրջ 30 երկիրներէ առաւել քան 100 ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:
Ժողովին մասնակցողները Ստեփանակերտի մէջ այցելեցին յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախեան Ազատամարտի նահատակներուն եւ Արցախի Գերագոյն խորհրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի յուշաքարին: