13 Յունուար, 2019ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ պատարագի, որ նուիրուած էր Կիրպոսի յայտնի հայկական վարժարանի (այժմ փակուած) Մելգոնեան բարերար եղբայրներուն, հոգեճաշին ընթացքին Մելգոնեանի ներկայ Սանուց միութիւնը, հովանաւորութեամբ իր ատենապետ Ռաֆֆի Ցնծալեանի եւ ատենադպիր Գէորգ Յակոբեանի՝ ինը Մելգոնեանցիներ պատուագիր ստացան իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար:
Մեծարեալները եղած են Մելգոնեան Սանուց միութեան վարչական գործօն անդամներ եւ ատենապետներ:
Պատուի արժանացած միութենականներն են՝ Զաւէն Պէրպէրեան, Կարօ Գասապեան, Փօլ Գուշարեան, Սեմ Եուսուֆեան, Վերքին Միսիրեան, Սարգիս Շահինեան, տոքթ. Արթին Գոգշանեան, Ժիրայր Մակարեան եւ Մովսէս Մէյմարեան: