Ուրուկուէյահայ երաժիշտ եւ արուեստագետ Կապրիէլ Մարգարեան ներկայացուց իր նոր ձայնասկաւառակը, որ բաղկացած է հայկական մեղեդիներէ եւ վերնագրուած է «Արարատ»:
«Արաքս» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Տիէկօ Գարամանուկեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Մարգարեան պատմեց, թէ մանկութեան տարիներուն հայկական ռատիօժամերու միջոցով եւ ընտանեկան միջոցառումներու ընթացքին ունկնդրելով հայկական երաժշտութիւն՝ կրցաւ ըմբռնել այդ հարստութեան գեղեցկութիւնը եւ տարբերութիւնը նկատել այլ ազգերու երաժշտութեան հետ:
Երաժիշտը ըսաւ, որ մեղեդիները ստեղծելու համար՝ ներշնչուեցաւ հայկական լեռնային բնութեան իւրայատկութիւններով:
Երգերու ձեւաւորման մէջ իր մասնակցութիւնը ունեցաւ Հայաստանէն տուտուկահար Էդկար Ասմարեան եւ օգտուելով այժմու համացանցային հնարաւորութիւնները, նաեւ «վըրչուըլ» մեծ երգչախումբ մը եւ անգլիացի երգիչ մը, որ իր փայլուն ձայնով երգած ՝ հայերէն:
Կապրիէլ Մարգարեան ունի տեսահոլովակ մը, որ կը կոչուի «Ժայռի վրայ քանդակուած ժողովուրդ մը», որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու յիշատակին:
Հեղինակին ստեղծագործութիւնները կրնաք վայելել հետեւեալ հասցէներուն միջոցաւ.
www.gabrielmarkarian.com, https://www.facebook.com/GabrielMarkarian.GAMA/, Buy in Amazon: Ararat Album in Amazon, www.gabrielmarkarian.com։