Օրեր առաջ Իտալիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց երաժիշտ, երգահան Աւետիս Նազարեան: Անցեալ Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:
Երգահան Աւետիս Նազարեան ծնած է Խարբերդ, 7 Յունուար 1930ին: 1931ին Նազարեանի ծնողքը կը փոխադրուի Հալէպ: Հալէպի մէջ, աւարտելէ ետք իր երկրորդական կրթութիւնը, կը նուիրուի երաժշտութեան: Իր առաջին ուսուցիչը կ՛ըլլայ երաժշտահան Բարսեղ Կանաչեան:
Աւետիս Նազարեանի ստեղծագործական աշխատանքները կ՛ընդգրկեն նուագախումբի, սենեկային երաժշտութեան, ձայնային, երգչախմբային ու զանազան գործիքներու համար գրուած գործեր:
1970ականներուն, Փատովայի «Կ. Զանիպոն» երաժշտական հրատարակչատունը լոյս կ՛ընծայէ իրմէ զանազան գործեր:
1971ին կը հրատարակէ իր «Թրէ Քանթի Արմէնի»ն՝ գրուած ձայնի եւ դաշնակի համար, ինչպէս նաեւ «Տիվերթիմենթօ»ն՝ գրուած սրինգի եւ քլարինեթի համար:
1960ականներուն ան կը նուիրուի «Օտար երգահաններ հայ արուեստին մէջ» երաժշտագիտական իր պրպտումներուն, որոնց մասին գրութիւններու շարք մը տպուած է «Նայիրի»ի մէջ: Բացի այդ, երաժշտական նիւթերու շուրջ աշխատակցած է հայ մամուլին:
Աւետիս Նազարեան գրած է նաեւ բազմաթիւ մանկական երգեր: