ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշած է այս տարի 10 միլիառ դրամ յատկացնել նպաստ (նպաստները համայնքին կողմէ իրականացուող առանձին նպատակային ծրագիրի կատարման համար անհատոյց եւ անվերադարձ տրուող դրամական միջոցներն են):
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ 11 Փետրուարին, համայնքապետներու հետ հանդիպման ընթացքին, այս մասին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ըստ որուն, հարց կայ նպաստային ծրագիրներու միջոցով իրականացնել յատկապէս ենթակառուցուածքներուն վերաբերող ծրագիրներ:
Վարչապետը նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կայուն զարգացման գրաւականը համայնքներու ընկերային-տնտեսական յառաջընթացն է:
Անդրադառնալով համայնքներու հարցերուն՝ վարչապետը ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ համայնքներու ղեկավարները կը տարբերին իրենց անցած ճանապարհով, կենսագրութեամբ եւ արժանիքներով: «Իմ ընկալումով «միջին վիճակագրական» համայնքի ղեկավարը պէտք է վայելէ համայնքին աջակցութիւն: Մենք կը խօսինք համայնքներուն մէջ ներդրումային միջավայրի բարելաւման մասին, բայց երբ համայնք մտնես, ուշադրութիւն կը գրաւեն տարածքներ, որոնք համայնքի ղեկավարինը կամ վերջինիս բարեկամինն են: Ասիկա զարմանալի իրականութիւն է: Զարմանալի է, որ ատիկա կը հանդուրժուի նաեւ հանրութեան կողմէ», ընդգծեց ան:
Վարչապետը յայտնեց, որ իրեն, կառավարութեան եւ ժողովուրդին համար այս մօտեցումը ընդունելի չի կրնար ըլլալ: «Ես կ՛ուզեմ արձանագրել, որ պետական ծառայութիւնը համայնքի ղեկավարին, աւագանիի անդամին կողմէ չի կրնար եւ պիտի չընկալուի իբրեւ գործարար գործունէութիւն: Պետական պաշտօնեայի գործունէութեան հիմքը հանրային հարստութեան բազմապատկումն է», ընդգծեց վարչապետը՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ կաշառակերութիւնը պէտք է արմատախիլ ըլլայ:
Համայնքներուն առջեւ ծառացած յաջորդ հարցը՝ ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, աղբահանութիւնն է: «Ես կը կարծեմ, որ լրջագոյն փոփոխութիւններ պիտի ըլլան, երբ մենք յաջողինք Հայաստանը ազատել աղբէն, ժանգոտած կրպակներէն եւ ինքնաշարժներու թափքերէն, եւ ասիկա իսկապէս այն ոլորտն է, որուն մէջ կառավարութիւնը եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինները պէտք է համագործակցին», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ 23 Մարտին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ համահայկական շաբաթօրեակ, որ պէտք է կազմակերպուի պատշաճ մակարդակով: