ԵՐԵՒԱՆ.- Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան Երկուշաբթի, 11 Փետրուարին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին յայտարարեց, որ այս փուլին, մարզպետարաններու աշխատակիցներու թիւը 30 տոկոսով պիտի կրճատուի:
Նախարարը նշեց, որ մարզպետարաններու անձնակազմերու կրճատման գործընթացը սկսած է անցեալ Հոկտեմբերին:
«Մենք ներգրաւել ենք նաեւ խորհրդատուական ընկերութիւն, ֆինանասաւորութիւնը կատարում է Շուեցարիայի զարգացման գործակալութիւնը», ըսաւ Պապիկեան:
«Այս օպտիմալացումները (առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու քայլերը-Խմբ.) մէկ նպատակ են հետապնդում՝ արդիւնաւէտ կառավարում եւ աւելի որակեալ մասնագէտների ներգրաւում», եզրափակեց նախարարը: