ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Մայր Աթոռի ընկերային ծառայութեան նախաձեռնութեամբ՝ Սպիտակի եւ Գիւմրիի մէջ 10 անօթեւան ընտանիքներ պիտի ստանան բնակարաններ: Նախաձեռնութիւնը կ՛իրականացուի Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ թեմերու նիւթական աջակցութեամբ:
Մայր աթոռի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի ղեկավար Մարկոս քհնյ. Մանգասարեան կը տեղեկացնէ, թէ ընտանիքներուն ընտրութիւնը կատարուած է՝ ըստ առաջնահերթութեան:
«Նկատի առնուած է այն հանգամանքը, որ այս ընտանիքները մինչ այս երբեք որեւէ կազմակերպութեան կողմէ բնակարանի փոխհատուցում կամ բնակարան չեն ստացած: Բնակարանները գնելու ատեն բկատի առած ենք նաեւ ընտանիքներուն կարծիքը», բացատրեց Մարկոս քհնյ. Մանգասարեան:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ծրագիրը արդէն իսկ աւարտական փուլին մէջ է. ընտրուած են ընտանիքները եւ գնուած են տուները: Յետագային նշեալ ընտանիքներուն պիտի տրամադրուին տուներուն վկայականները: Մինչ այդ, կարգ մը ընտանիքներ արդէն կը բնակին այդ բնակարաններուն մէջ: Իբրեւ պարտադիր պայման՝ շահառուները կը հրաժարին տնակէն, եւ այդ տնակը կը քանդուի: Բնակարանները նուէր են՝ սեփականութեան իրաւունքով: