ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Կի Թեսիէ, անդրադառնալով 5 Փետրուարի նախագահ Մաքրոնի ելոյթին՝ ըսաւ, թէ հանրապետութեան նախագահը հոն կարեւոր լուսաբանումներ կատարեց Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման մէջ Ֆրանսայի դերին առաջնահերթ ըլլալուն վերաբերեալ:
Թեսիէի նամակին մէջ կ՛ըսուի, թէ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը նախագահ Մաքրոնի ըսածները կը նկատէ Ֆրանսայի բարձրագոյն մակարդակէն կատարուած անհրաժեշտ երաշխիքներ եւ գոհունակութեամբ կ՛արձանագրէ, որ.
– Ֆրանսա Արցախի դէմ օգտագործելի զէնք եւ զինամթերք չի վաճառեր եւ պիտի չվաճառէ Ատրպէյճանին: Թեսիէ, ֆրանսական պատկան նախարարութիւններէն ալ կ՛ակնկալէ նման երաշխաւորութիւն, որպէսզի վերջ տրուի հակառակը պնդող եւ ամբողջ տարածաշրջանը մտահոգող ատրպէյճանական անհիմն պնդումներուն.
– «Կեդրոնական կողմեր»ը, իմա՝ արցախեան կողմը բանակցութեան սեղան բերելու անհրաժեշտ ջանքերը ի գործ դնելու մասին Հանրապետութեան նախագահին յայտարարութիւնը կարեւոր յառաջընթաց մըն է.
– Օրինակ՝ կրթական եւ մարդասիրական անձնական նախաձեռնութիւններու համար Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն «կարելի պէտք է ըլլայ» ֆրանսական այցագիրներ տրամադրել, ինչպէս նաեւ՝ հակառակ ուղղութեամբ։
«Արցախի նկատմամբ մարդասիրական եւ մշակութային այս նոր դիւանագիտութիւնը էական է, քանի որ կրթութեան լծակներով եւ զարգացման աջակցութեամբ է, որ մենք կը խորհինք գործել ի խնդիր Արցախի բնակչութեան ապակղզիացման, զոր Ատրպէյճան պիտի ուզէր ենթարկել բանտարկութեան հաւաքական պատիժի», կ՛ըսէ Թեսիէ:
Նամակին վերջաւորութեան, Թեսիէ կ՛ըսէ, որ ընդառաջելով Արցախ այցելելու Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող մարմինի համանախագահներու հրաւէրին՝ իրենք կեանքի պիտի կոչեն ծրագիր մը, որուն շրջանակին մէջ Արցախի Հանրապետութիւն պիտի առաքուի առողջապահութեան եւ կրթութեան մասնագէտներու պատուիրակութիւն մը:
«Հասած է ժամանակը՝ խօսքէն գործի անցնելու», կ՛եզրափակէ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահը:
Միւս կողմէ, Պուր-լէ-Վալանսի քաղաքապետուհին՝ Մարլէն Մուրիէ, որուն քաղաքը իրաւական հարցեր ունին Արցախի Հանրապետութեան հետ համագործակցութեան յուշագիր կնքելուն համար, ըսաւ, թէ կը նախընտրէ նախագահին Արցախի մասին ըսածներուն մէջ տեսնել դրականը ու նախ եւ առաջ կ՛ողջունէ Ատրպէյճանին Արցախի դէմ օգտագործելի զէնք եւ զինամթերք չվաճառելու վերաբերեալ յստակ յայտարարութիւնը: Ապա, վստահաբար ան եւս «չարեաց փոքրագոյն»ի փիլիսփայութեամբ՝ իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ, որ նախագահը բաց դուռ մը ձգեց մարդասիրական եւ կրթական անձնական նախաձեռնութիւններուն համար, Արցախի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:
Բայց եւ այնպէս, Մուրիէ կ՛աւելցնէ. «Արցախցիներուն հանդէպ գոյութիւն ունի քաղաքական անարդար վանում մը, մանաւանդ որ այդ բնակչութեան գոյութիւնն իսկ վտանգուած է: Թող չփորձեն զիս համոզել, որ այդ բնակչութեան քիչ մը մարդասիրական զօրակցութիւն ցուցաբերելու ֆրանսացի քաղաքապետներու անձնական յանձնառութիւնները կը վտանգեն Ֆրանսայի դիւանագիտական դիրքերը»:
Մարլէն Մուրիէ բարեկամութեան յուշագիր կնքած էր Շուշիի հետ: Ատկէ ի վեր, ան Պաքուի մենատիրական վարչակարգի շարունակական յարձակումներուն թիրախ դարձած է: