ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակեց այն օրինագծին մասին, զոր ընդունած է Աւստրիոյ խորհրդարանը եւ որով այս տարուան 1 Մարտէն սկսեալ, Աւստրիոյ մէջ պիտի արգիլուի թուրք ազգայնամոլներու՝ «Գորշ գայլեր»ուն եւ «Իսլամ եղբայրներ»ուն աջակցող «Ռապիա» կազմակերպութեան եւ կարգ մը այլ կառոյցներու նշաններու գործածութիւնը։ Արգիլեալ խորհրդանշաններու կարգին է նաեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան նշանը։
«Մենք անգամ մը եւս կը դատապարտենք ու անընդունելի կը նկատենք «Գորշ գայլեր»ու նշանին վրայ դրուած այս արգելքը, որ գործադրութեան մէջ պիտի դրուի 1 Մարտէն սկսեալ։ Այս նշանը նոյնացած է (ազգայնամոլներու) Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ եւ կը գործածուի՝ իբրեւ հաւատարմութիւն կուսակցութեան գաղափարներուն։ Աւստրիոյ մէջ դրուած արգելքով փաստօրէն «Պօզքուրթ» նշանը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան նշանին հետ նոյն նժարի վրայ կը դրուի։ Այս անմիտ ու անտրամաբանական որոշումով Աւստրիա թիրախ կ՛ընտրէ ո՛չ միայն քաղաքական կուսակցութիւն մը ու անոր ներկայացուցիչները, այլ նաեւ Թուրքիոյ ամբողջ քաղաքական համակարգը եւ այդ համակարգի օրինականութիւնը», կը նշուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
Նախարարութիւնը նաեւ կ՛ազդարարէ, թէ այս որոշումը բացասական հետեւանք պիտի ունենայ թուրք-աւստրիական յարաբերութիւններուն վրայ։