ԵՐԵՒԱՆ.- Ատրպէյճանի մէջ իր լրումին հասած է ընտրական օրէնսգիրքի մշակումը եւ Ատրպէյճանի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած է նախագահական ընտրութեանց ժամկէտը փոխելու որոշում մը, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը՝ աւելցնելով, որ յաջորդ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 9 Ապրիլ 2025ին:
Ընտրական օրէնսգիրքի այդ փոփոխութիւնը որդեգրուած է: Այսուհետեւ, նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7 տարի առաջ տեղի ունեցած ընտրութեան ամսուան երկրորդ Չորեքշաբթի օրը: Բացառութիւնը կարելի է միայն արտակարգ ընտրութեան պարագային:
Յիշեցնենք, որ Իլհամ Ալիեւ անցեալ Հոկտեմբերի փոխարէն Ապրիլին տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութիւններով 4րդ անգամն ըլլալով նախագահ ընտրուեցաւ 7 տարուան պաշտօնավարութեան մը համար, որուն հետեւանքով խորհրդարանը պարտաւորուեցաւ այս փոփոխութիւնը կատարելու ընտրական օրէնսգիրքին մէջ։