ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Անի» ուխտին կազմակերպութեամբ եւ մասնակցութեամբ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի եւ մօտակայ շրջաններու հայութեան ներկայացուցիչներուն, Կիրակի, 17 Փետրուարին, բողոքի ցոյց մը կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ։
Ցոյցին մասնակցողները արդարութիւն պահանջեցին այն հայերուն համար, որոնք զոհ գացին 1988էն 1992ի միջեւ Սումգայիթի, Կիրովապատի, Պաքուի եւ Մարակայի մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն։
Յատկապէս լուսարձակի տակ առնուեցաւ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի պարագան, որուն սպանութեան 15րդ տարելիցն էր։
Յիշեցնենք, որ 19 Փետրուար 2004ին, Գուրգէն Մարգարեան վայրագ կերպով սպաննուած էր Հունգարիոյ մէջ, ատրպէյճանցի սպայի մը կողմէ, ՆԱԹՕի միացեալ մարզումի մը ընթացքին։ Ոճրագործը աւելի ուշ ազգային հերոս հռչակուած էր Ատրպէյճանի մէջ։
Ցուցարարները նաեւ դէմ արտայայտուեցան Մատրիտեան սկզբ-ունքներուն, որոնք հայկական կողմէն հողային զիջումներ կը պահանջեն ատրպէյճանական կողմին անորոշ խոստումներուն փոխարէն։
UNBASED PROMISES ARE NOT FOREVER.