«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Յառաջիկայ Կիրակի, 24 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 6ին, Կլենտէյլ Հայ Սքուլի հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութիւնը:
Ամէն տարի կազմակերպուող Դաշնակցութեան օրուան ձեռնարկը առաւել նշանակալից պիտի ըլլայ պարզ այն պատճառով, որ շրջանիս մէջ հրապարակային առաջին ելոյթը պիտի ներկայացուի ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովէն ետք՝ կուսակցութեան գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի կողմէ:
Արեւմտեան Ամերիկայի դաշնակցական կառոյցը իր տեղական մարմիններով, Հայ Դատի յանձնախումբերով, համամերիկեան քաղաքականութեան մէջ հայութեան շահերու պաշտպանութեան գործին իր բերած նշանակալից ներդրումով, Հայաստանի եւ Արցախի պետականութեան հզօրացման ի խնդիր տարուած ծաւալուն աշխատանքներով՝ միայն մէկ մասնիկը կը հանդիսանայ համահայկական ազգային կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Գործունէութեան 128 տարին բոլորած կուսակցութիւնը իր վերջին Ընդհանուր ժողովով հերթական անգամ նորոգեց ինքզինք եւ հաստատ կանգնած մնալով ազգային արժէքներու պահպանման դիրքերու վրայ, իր երթը կը շարունակէ հայկական քաղաքական նոր իրականութեան մէջ իր կարեւոր դերը կատարելու վճռականութեամբ:
Կուսակցութիւնը թէ՛ իր տեղական պատասխանատու մարմիններով ու շարքերով, թէ համակուսակցական իր ղեկավարութեամբ գիտակից է, որ կարիքը ունի դիմագրաւելու իր պայծառ դիմագիծը ստուերել նպատակադրած բացայայտ թէ թաքուն հարուածներ եւ հարուածողներ՝ միշտ մնալով կառուցողական դաշտի մէջ, իր հնարաւորութիւնները կողմնակի խնդիրներով չմսխելու յստակ մարտավարութեամբ:
Կը հրաւիրենք Մեծն Լոս Անճելըսի հայ համայնքի զաւակները այս կարեւոր ձեռնարկին, Դաշնակցութեան յառաջիկայ տարիներու գործունէութեան ուղղութիւններուն ծանօթանալու եւ ինչու չէ, այդ գործին նպաստելու տրամադրութեամբ՝ ոգեշնչուելու համար:
Ի՞նչ կարգի կազմակերպութիւն է Հայ Երիդասրդական Դաշնակցութիւնը: