Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեան 19 Փետրուարիին ընդունեց գերմանացի գործարարներու պատուիրակութիւնը, որոնց ուղեկցեցաւ Երեւանի մօտ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պերնհարտ Մաթիաս Քիսլեր:
Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութենէն հաղորդեցին, որ նախարար Խաչատրեան ողջունեց գործարարներուն այցելութիւնը Հայաստան եւ ըսաւ. «Մենք պատրաստ ենք սատարել ցանկացած բիզնես գործունէութիւն, որ կը ձեռնարկեն օտարերկրեայ ներդրողները»: Նախարարը նաեւ աւելցուց, որ Հայաստանի կառավարութեան նպատակներէն է ներդրումներու ծաւալը մեծցնել եւ կատարուած ներդրումներով արտադրանքը արտածել ԵԱՏՄ, ԵՄ եւ այլ շուկաներ: Ան ներկայացուց վերջերս ընդունուած կառավարութեան ծրագիրի տնտեսական առաջնահերթութիւնները, որոնք կրնան հետաքրքրել ներդրողները: Տիգրան Խաչատրեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի ներդրումային գրաւչութիւններուն:
Դեսպան Մաթիաս Քիսլեր շնորհաւորեց Տիգրան Խաչատրեանի նախարար նշանակումը, գոհունակութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրին մէջ շատ տնտեսական շեշտադրումներ կան: Դեսպանը նշեց, որ հայ-գերմանական տնտեսական յարաբերութիւններու օրակարգին մէջ բաց մնացած էր նման գործարար առաքելութեան այցելութիւնը:
Հիւրերը ներկայացուցին իրենց գործունէութեան ծիրը՝ գիւղատնտեսութենէն մինչեւ ճարտարագիտութիւն, նախարարին ուղղեցին զիրենք յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձան Հայաստանի մէջ իրենց մտադրութիւններուն:
Տիգրան Խաչատրեան գործարարներուն ներկայացուց այն ոլորտները, որոնք զգալի չիրացուած ներուժ ունին: Հանդիպման աւարտին նախարարը նշեց, որ նախարարութեան եւ «Բիզնես Արմենիա»ի աշխատակիցները ջանք չեն խնայեր, որպէսզի գործարար առաքելութիւնը չափազանց արդիւնաւէտ եւ հասցէական ըլլայ՝ կազմակերպելով համապատասխան հանդիպումներ: