ՊԸՐՊԵՆՔ.- Նախաձեռնութեամբ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ համագործակցութեամբ շարք մը տեղացի փորձառու իրաւաբաններու, Հինգշաբթի, 28 Մարտին, երեկոյեան ժամը 6։30-9։30, անգլերէնով եւ հայերէնով իրաւաբանական ձրի խորհրդատուութեանց նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ Պըրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ (75 East Santa Anita Ave., Burbank, CA 91502):
Իրաւաբաններ կամաւոր մասնակցութիւն պիտի բերեն ձեռնարկին՝ խորհուրդներ տալու համար իրաւական շարք մը հարցերու կապակցութեամբ, ներառեալ՝ ներգաղթի, ընտանեկան, քրէական, ինչպէս նաեւ տանտէր-վարձակալ տարակարծութիւններու վերաբերեալ:
Մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի իրենց հետ բերել իրենց հարցերուն վերաբերող փաստաթուղթեր, համապարփակ խորհրդատուութեան համար:
«Շատ խանդավառ ենք, որ այս առիթը ունինք այս ձեւով աջակցելու համայնքին անդամներուն եւ ընտանիքներուն, որպէսզի անոնք լաւապէս ծանօթանան իրենց իրաւունքներուն։
Ձեռնարկին կամաւոր կերպով մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած իրաւաբանները մեզի նման կը գիտակցին այսպիսի նախաձեռնութեանց կարեւորութեան», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Քէշիշեան։
Խորհրդատու իրաւաբաններն են՝ Կերի Տաղլեան, Աշխէն Էշլի Կամպուրեան, Թալին Ք. Պոյամեան եւ Ռէյմընտ Յովսէփեան։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել info@ancaburbank.org հասցէին։