ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան կը քննարկէ Իսրայէլի մէջ դեսպանութիւն բանալու հարցը՝ առանց զայն պայմանաւորելու Երեւանի մէջ Իսրայէլի դեսպանութեան բացումով, The Jerusalem Post-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Գրիգոր Յովհաննիսեան:
Ըստ «Մեդիամաքս»ի՝ դիւանագէտը ըսաւ, որ դեսպանութեան բացումը առիթ պիտի տայ երկու երկիրներուն կապերը զետեղելու նոր մակարդակի վրայ: Յովհաննիսեան նկատել տուաւ, որ խօսքը չի վերաբերիր Երուսաղէմի մէջ դեսպանութիւն բանալուն:
«Հայաստանի նման փոքր երկրի համար դժուար է էապէս շեղիլ աւանդական դիրքորոշումէն՝ առանց լուրջ արձագանգներ հրահրելու: Ես չէի կեդրոնանար ապագայ դեսպանութեան տեղակայման վայրին վրայ: Կարեւորը յարաբերութիւնները ամրապնդելն է», ըսաւ փոխնախարարը:
Ան ըսաւ, որ Հայաստան կը փափաքի, որ Իսրայէլ հետեւի օրինակին Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական շատ երկիրներու, որոնք Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին զէնք եւ զինամթերք չեն վաճառեր:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը նկատել տուած է, որ Հայաստան Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը չի դիտարկեր որպէս յարաբերութիւններու խորացման նախապայման:
Ան ըսաւ, որ Հայաստան պիտի ողջունէր «պատմական փաստի ճանաչումը, բայց ատիկա նախապայման չէ Իսրայէլի հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ զարգացնելու համար»: