ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը բազմիցս հաստատած է, որ Իրան կը յարգէ հիւլէական համաձայնագիրը՝ զգուշացնելով, որ «Իրանի համբերութիւնը սպառելու սկսաւ»:
«Հակառակ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ գործակիցներուն՝ Իրանի շուրջ տարածած սուտերուն, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը անգամ մը եւս եւ մինչեւ հիմա բազմիցս հաստատեց, որ Իրան կը յարգէ իր խոստումները եւ յանձնառութիւնը այն համաձայնութեան, զոր Ամերիկան մերժեց», նշեց Զարիֆ։
Նշենք, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Եոքիա Ամանօ յայտարարած էր, թէ Իրան կը շարունակէ «վեցեակ»ին հետ իր կնքած հիւլէական համաձայնագիրին հիմամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնները գործադրել։
Թեհրան դժգոհ է այն իրողութենէն, որ այդ համաձայնութեամբ նախատեսուած տնտեսական պատժամիջոցներուն մեղմացումը մասամբ չէ իրականացած Ուաշինկթընի ցուցաբերած ընդդիմութեան հետեւանքով։