Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ՝ Ուրբաթ, 22 Մարտ, 2019ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայրենադարձ պոլսահայ հռչակաւոր խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի ծննդեան 90ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւնը:
Խմբավարը, որ երիտասարդական ոգիով արդէն իսկ կը թեւակոխէ իր կեանքի հասուն հանգրուանը, պիտի այցելէ Արեւմտեան Ամերիկայի Ֆրեզնօ եւ Լոս Անճելըս հայաշատ քաղաքները, ուր՝ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած են մեծարանքի ձեռնարկներ:
Մեծ երաժիշտը իր կեանքէն երկար տարիներ յատկացուցած է ինքզինք պատրաստելու եւ կատարելագործելու:
Չեքիճեան ծնած է Պոլիս, ուր 1934-1941 ուսանած եւ աւարտած է Վիեննայի Մխիթարեան դպրոցի Պոլսոյ մասնաճիւղը, 1941-1947՝ Saint Michel ֆրանսական քոլեճը, 1944-1951՝ Պոլսոյ երաժշտական հիմնարկը, 1947-էն 1951՝ Վիեննայի ուսումնարանի Պոլսոյ մասնաճիւղը, 1951-էն 1953՝ Փարիզի Ecole normale de Musique երաժշտական հիմնարկը, իսկ 1958-1961 թուականներուն եղած է Պոլսոյ երաժշտական բարձրագոյն հիմնարկի դոկտորականի թեկնածու:
Գեղարուեստական Տաղանդէն բացի, Չեքիճեան ունեցած է այլ հմտութիւններ. ան ուսանած եւ աւարտած է քիմիագիտութեան բարձրագոյն հիմնարկը, ուրկէ ստացած է ճարտարապետ-քիմիագէտի կոչումը:
Երկար է Չեքիճեանի պատուաբեր աշխատանքային ցանկը:
1946-1960 թուականներուն, (երեք տարուան ընդմիջումով) եղած է Պոլսոյ պետական երգչախումբի խմբավարի տեղակալ, նոյն ժամանակ ղեկավարած է Պոլսոյ օփերայի բաժանմունքը:
1961ին կը փոխադրուի Հայաստան, ուր կը ղեկավարէ պետական ակադեմական երգչախումբը: Ան վարած է նաու սիմֆոնիկ համերգներ եւ ելոյթ ունեցած է Հայաստանի մեծագոյն նուագախումբերուն հետ:
Իր կեանքին ընթացքին ան արժանացած է շատ մը պարգեւներու՝ յատկապէս «Մովսէս Խորենացի» մետալին եւ Հայաստանի Ազգային հերոս կոչումին, ընդհանուր թիւը հասցնելով 90ի:
Լոս Անճելըս հնգօրեայ իր այցելութեան ընթացքին, աշխարհահռչակ երաժիշտը պիտի հիւրընկալուի Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կողմէ, որ լծուած է Կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունենալիք յոբելենական հանդիսութեան կազմակերպման:
Հանդիսութեան ընթացքին Գայեանէ Բարսեղեան պիտի ներկայացնէ Չեքիճեանի կեանքն ու Արուեստը: Երաժշտական մատուցումներով յայտագիրը պիտի ճոխացնեն յայտնի երգիչ-երգչուհիներ: Պիտի ցուցադրուի Չեքիճեանի կեանքի ուղեւորութեան եւ նուաճումներուն նուիրուած տեսանիւթ մը, որմէ ետք պիտի ներկայացուին փունջ մը երգեր՝ մեծ մայէսթրոյին նախկին աշակերտներուն կողմէ, որոնք մաս կազմած են իր ղեկավարած երգչախումբերուն, տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին: Յայտագիրին յաւելեալ փայլք պիտի տան եւ այլ երաժշտական կտորներ պիտի մատուցեն ջութակահարուհի Անժելա Ամիրեան եւ դաշնակահար Յարութ Սենեքերիմեան:
Հրաւիրուած են Արեւմտեան Ամերիկայի հոգեւորականներն ու այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:
Հրաւիրուած է մեր մշակութասէր ժողովուրդը:
Մուտքի նուէրն է՝ 20 տոլար: Ձեռնարկէն ետք տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Տոմսեր ստանալու համար՝ դիմել (818) 585 -3207 կամ (818) 216 -9935 թիւերուն:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ