ՀՅԴ Նոր Զելանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը դատապարտէ Քրայսթչըրչի մզկիթներուն վրայ տեղի ունեցած յարձակումները, որոնց պատճառով 49 մարդ սպաննուած էր:
«Մենք կը դատապարտենք նաեւ զինուած մեղադրեալին կողմէ հայերէնին, ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեայ ազգութիւններու՝ վրացիներու, սերպերու, ռուսերու եւ աւստրիացիներու լեզուներուն անդրադառնալու փորձը՝ այդ լեզուներով նշումներ կատարելով իր զէնքին վրայ, որուն միջոցաւ յարձակում կատարեց իսլամական համայնքին վրայ:
Նման արշաւանքները խաչակիրներու տեղ չունին մեր աշխարհին մէջ, եւ հաստատապէս տեղ չունին խաղաղասէր Նոր Զելանտայի մէջ:
Նոր Զելանտայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ բնակող հայերը անվերապահօրէն կանգնած են յարձակման ենթարկուած մզկիթներու հետեւորդներուն եւ անդամներուն կողքին: Մենք կը սգանք այն ընտանիքներուն հետ, որոնք կորսնցուցին իրենց սիրելիները, ինչպէս նաեւ Նոր Զելանտայի ամբողջ իսլամական համայնքին հետ:
ՀՅԴ Նոր Զելանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ եւ կ՛աղօթէ այս դժուար պահուն», իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշէ Նոր Զելանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը։