ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Տակաւին գրելու–չգրելու տագնապն ու մղձաւանջը կ՛ապրէի, երբ միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները, յաջորդական իրենց ելոյթներով, շրջանէ մը ի վեր, մեզ բոլորս տագնապեցնող նոյն հարցին վրայ յաւելեալ լոյս սփռեցին եւ այդ կալուածէն ներս որոշ յստակութիւն առաջացուցին:
Որպէսզի մեր ընթերցողներուն խնայենք տագնապում ու հոգ, անմիջապէս աւելցնեմ, թէ հարցը օդանաւային արդէն յաճախակի դարձած արկածներուն կը վերաբերի եւ մասնաւորաբար՝ մահէ մազապուրծ ըլլալու ապրուած անձնական փորձառութեան:
Յուլիսի կիսուն, ընտանեկան ուրախ առիթով մը, կողակիցիս հետ դէպի հայրենիք ճամբայ ելանք: Քանի ուրախառիթ ճամբորդութիւն էր, որոշեցի, որ գալիք օրերուն ամէն երեւոյթ դրական պիտի նկատէի: Կարկինը լայն բանալով՝ նոյնիսկ… փողոցներու վրայ ու հանրային վայրերու իրենց խոռոչներէն երեւանցի եղբայրներուս արտահանած ծուխը պատրաստ էի որպէս անուշաբոյր խունկ ներշնչելու: Ի դէպ, խօսքը մէջերնիս, այս տրամադրութիւնն ալ գործի չծառայեց… Սակայն այս պահուս շօշափուած նիւթը, հայրենիքի տարածքին համաճարակի ծաւալ ստացած ծխելու երեւոյթին հետ բնաւ կապ չունի:
Այստեղ հարկ կը տեսնեմ աւելցնելու, թէ պատմելիք դէպքս աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը ճամբորդած պահուդ ալ կրնար պատահիլ:
Ուրեմն, կնոջս հետ, Լոս Անճելըսէն Նոր Զելանտական օդանաւային ընկերութեան Ճամպօ- Ճէթով, 490 ամէնազգի ճամբորդներու ընկերակցութեամբ, տօնական մթնոլորտի մէջ ճամբայ ելանք: Ամիսէ մը ի վեր ինքզինքս ալքոլազրկած ըլլալով, անհամբեր սաւառնակին բարձրանալուն կը սպասէի «Պլէք Լէյպըլ» մը ապսպրելով կամաւոր ծոմապահութեանս վերջ դնելու:
Երանի խայտառակ խմիչքը բնաւ մտքէս չանցընէի…
Հսկայ օդանաւը համատարած կապոյտին մէջ քսան վայրկեան հազիւ թեւածել սկսած, երբ տակաւին լիաթոք շնչելու չսկսած, դիմացի շարքը՝ պատուհանին մօտ նստող նոր զելանտացի երիտասարդը, որուն սաւառնորդ կամ ալ գաղտնի ոստիկան ըլլալը հետագային միայն պիտի իմանայինք, իրեն տարեկից սպասարկողին, ձախ կողմի հսկայ շարժակը ցոյց տալով, անոր անշարժութեան մատնուիլը ահազանգեց:
Սպասեակը, յաջորդող երկու ժամերուն, կրցաւ դէմքին վրայ սառած ժպիտ մը պտտցնել ու չխուճապիլ: Իրաւ փրոֆեսիոնալի պաղարիւնութեամբ, դիմացի պատէն կախուած հեռաձայնային ներքին սարքը բանեցնելով, անիկա պէտք եղածը փոխանցեց օդաչուին: Քիչ ետք մեր աչքերուն առջեւ յստակ փորձեր կատարուեցան, կանգնած շարժակը կարգաւորելու: Կեդրոնական դռնակի մօտակայ նստարանը գրաւած ըլլալով, մեր աչքերէն ոչինչ կը վրիպէր: Արդէն մեզի համար ամէն ինչ յստակ էր ու դիմացը նստող սպասեակին շարժումներէն, բախտագուշակի նման գալիքը կրնայինք կռահել:
Քիչ ետք օդանաւի ձախ կողմը գրաւող ճամբորդները ականատես պիտի դառնային իրենց կեանքին մէջ գուցէ առաջին անգամ պատահող խելացնոր դէպքի մը: Օդանաւային անհամար ճամբորդութիւններու փորձ ունենալով հանդերձ, մեզի համար ալ նորութիւն էր պատահածը: Ու յանկարծ, սաւառնակին թեւերուն տակէն, թանկարժէգ վառելանիւթը սկսաւ ջրվերաժանման հոսիլ դէպի ովկիանոս: Մեքենական սարքերէն գաղափար ունեցողի մը համար աւելի քան պարզ էր, թէ ետդարձի կը պատրաստուէր հսկայ սաւառնակը եւ թէ միայն մէկ շարժիչով կարենալ հարկադիր վայրէջք (emergency landing) յաջողցնելու համար, կը փորձէր ձերբազատուիլ թեւերուն տակ ամբարուած հսկայ քանակութեամբ քարիւղին գոնէ յիսուն տոկոսէն: Ճիշդ երկու ժամ Խաղաղականի վերեւ շրջելէ ու մթնոլորտը լաւ մը աղտոտելէ ետք, ի վերջոյ մեր մեկնակէտը հանդիսացող LAX-ի ուղղութիւնը բռնեցինք: Մահուան շունչը, երբեք այդքան մօտիկէն չէի զգացած: Ճակատագրական այդ երկու ժամերու ընթացքին, աչքերուս կը պատկերուէին, ետին թողած թոռներուս կողքին՝ մասնաւորապէս հայրենիք հաստատուած մանչս, անոր հարսնացուն եւ երկրագունդի չորս կողմերէն ժամանելիք հարսնեւորները: Եթէ դիպուածով մը, կայծի ծուէն մը սաւառնակին շուրջ սրսկուող վառելանիւթին հետ շփուէր, բոցավառ գունդի նման պիտի կուլ երթայինք գազազած ովկեանին:
Եւ դեռ, ներկայ ճամբորդներուն սարսափով լեցուն աչքերուն առջեւ հասակը երկարող, անվերջանալի թուացող դաւադիր սա պահը: Հապա քիչ ետք մեզի սպասող հարկադիր վայրէ՞ջքը… շունչերնիս բռնած, մեր երկրաւոր գոյութիւնը ինչ որ ընկերութեան մը ընչաքաղց ու խնայասէր ղեկավարութեան քարացած խղճին յանձնած… միակ բանը որ կը վերյիշեմ, խաչակնքելս էր եւ կնոջս հետ մեր առաջին հանդիպումէն ի վեր, մեր ճուտիկին ձեռքը այդքան ուժգին սեղմած չըլլալուս գիտակցութիւնը…
Ու հրաշքի նման վերադարձ դէպի մեկնակէտ: Ապա, երկու ժամերու վրայ երկարող պարտադիր սպասում: Փառք Տիրոջ, որ նոյն ընկերութեան պատկանող նոյնատիպ սաւառնակ մը, յաջորդ օրուայ չուերթի կը պատրաստուէր: Մեր պայուսակներն ու անձնական իրերը միւս օդանաւը փոխադրուեցան: Բարոյալքուած ճամբորդները, որոնք հակառակ չորս ժամ ուշացումին, մեզի նման փառք կու տային Երկնաւորին, վատթարագոյնէն խուսափած ըլլալնուն համար: Անգամ մը որ սաւառնակը թեւերը տարածելով կապոյտը գրկեց, սպասեակներուն սիրալիրութիւնը կրկնապատկուեցաւ…
Քիչ ետք մեր բաժանմունքին սպասարկող ու ահազանգ հնչեցնող երիտասարդէն պիտի իմանայինք, թէ հազուադէպ պարագաներուն, օդը բարձրանալէն հազիւ քսան վայրկեան անցած, սաւառնակի մը շարժակներէն մին բոլորովին կանգ առնէր: Արդարեւ տասներկու տարիներու վրայ երկարող իր աշխատանքային փորձի ընթացքին, այսպիսի դժոխք, առաջին անգամ կ՛ապրէր: Եւ որպէս մեր Լոս Անճելըսեան փորձառութեան նուէր, քիչ մնար, որ քանի մը վայրկեան տարբերութեամբ՝ Լոնտոն-Երեւան չուերթը փախցնէինք: Խերով, ողջ առողջ Երեւան հասանք ու մեր հին ու նոր հարազատները, մեզի մոռցնել տուին մեր ապրած դժոխքը:
Եթէ այսքանով վերջանար օդանաւային ճամբորդութեամբ ապրուած ոդիսականը, հաւատացէ՛ք հարկը պիտի չզգացուէր սոյն փորձագրութեան:
Ուրեմն երկու շաբաթ Երեւան մնալէ ու ծնողական մեր պարտաւորութիւնները լիովին կատարելէ ետք, վերադարձի պահը հասաւ: Ուրախ էինք, որ այս անգամ, «Վրճին Աթլանթիքով» պիտի կտրէինք Լոնտոն-Լոս Անճելըս միջոցը: Երեւան-Լոնտոն տարածքը «Պրիթիշ Էրվէյզով» անտագնապ ու սահուն կտրեցինք: Տեղ հասնելէ ետք հանգիստ մտքով «Վրճին»ի Ճամպոն բարձրացանք ու անհոգ մեր տեղերը գրաւեցինք: Եւ երբ թռիչքին պահը հասաւ, մեր «Ճամպօ» աղան, իր տեղէն շարժելու մտադրութիւն ցոյց չէր տար: Լոնտոնի օդակայանի երկայնքին տիրող խճողումին վերագրելով յապաղումը, պպզած, անտրտունջ, ձայներնիս քաշած մեկնումի ազդանշանին սպասեցինք:
Քսան վարկեան անց, աղջկայ մը հաճելի ձայնը, ուրախ լուր մը աւետողի քնքուշութեամբ ճամբորդները տեղեկացուց, թէ «սաւառնակի շարժակներէն մէկուն վրայ կարեւոր մաս մը շարքէն ելած ըլլալով, օդակայանի մեքենագէտները փոխնորդ կտոր մը ճառելու հետամուտ էին: Ու հազիւ նոր մասը ամրացուէր տեղը, անյապաղ թռիչքին պիտի ձեռնարկուէր:»
Չորս ժամ յետաձգուեցաւ թռիչքը եւ ամէնէն անմարդկայինը, պատասխանատուները ազնուութիւնը չունեցան, մեզ ճեմասրահ վերադարձնելու, որպէսզի գալիք տասներկու ժամերու թռիչքէն առաջ, քիչ մը ոտքերնիս ձգէինք ու խմիչքով մը, քայքայուած մեր ջիղերը հանդարտեցնէինք…. Կարծես նախիր ըլլայինք:
Տուն դարձին, մօտիկ բարեկամներ ու հարազատներ, «դիպուած»ի ու «չար բախտ»ի վերագրեցին զոյգ պատահարները: Լռեցի, չուզելով մեր ապրած մղձաւանջի մասին հապճեպ եզրայանգումներու հասնիլ:
Ներկայ տողերը յուսանք ապագայ ճամբորդները զգուշացնելու պիտի ծառայեն, անոնց ականջին՝ ահազանգ հնչեցնելու՝ հետզհետէ համաճարակի բնոյթ ստացող եւ օդային մեր ճամբորդութիւններուն ընթացքին յայտնուող սա լուռ վտանգին առնչութեամբ: Երբ գրական ընթացիկ ծրագիրներէս քիչ մը թեթեւցայ, սկսայ համացանցը քրքրելով վերջերս պատահած օդանաւային արկածները ցուցակագրել: Հակառակ ճակատագրապաշտ էութեանս, իբրեւ արհեստավարժ մարդ, գոնէ մտերիմներս ու հաւատարիմ ընթերցողներս պարտ էի զգուշացնել, որ քանի մը հարիւր տոլար խնայելու սիրոյն, օդանաւային պատահական ընկերութեան մը թռիչքները չընտրէին: Մարդուս կեանքը թանկ է, կոյր ճակատագրապաշտութեամբ զոհուելու, ազգ ու բարեկամութիւն սուգի մատնելու համար:
Հարց կու տանք, այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ նո՛յն զոյգը, Հայաստան ու Եւրոպա երթ ու դարձին, մեր ճաշակածին նման՝ մարդուս ուղեղը քայքայող փորձառութիւն ու մղձաւանջ կ՛ապրի, բան մը որ ուղղակի կը պատճառաբանուի սաւառնակներու շարժակներու գերյոգնածութեամբ: Փաստ է որ նեխած բան մը գոյութիւն ունի ներկայիս աշխարհով մէկ տիրող շուկայական դրոյթին հետ:
Օդանաւային կարգ մը ընկերութիւններ, իրենց ցուցաբերած անփութութեամբ, կը նմանին օթոյի ժլատ կամ անհոգ տիրոջ, որ իր մեքենան կը վարէ մինչեւ որ… կանգնի: Առանց երբեւիցէ անոր շարժակին իւղն ու հնացած մասերը փոխելու:
Մասնագիտական փորձառութենէս ելլելով կը զգուշանամ ընթերցողին վրայ ամենագէտի հովեր առնելէ: Սակայն մեզ տեղափոխող առաջին սաւառնակը, օդին մէջ մէկ թեւով թռչիլ յաւակնող արծիւի կը նմանէր, նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար:
Եւ դեռ, երբ հոգեպէս կը տանջուէի փորձառութեանս մասին գրելու թէ լռելու երկընտրանքով, համացանցին մէջ երեւցող լրատուութիւն մը օգնութեանս հասաւ, նժարը գրելու հաշւոյն թէքելով:
Ուրեմն, ամերիկեան պատկան մարմինները US Airways ընկերութիւնը 5.4 միլիոն տոլար տուգանած են, 2008 թուականէն ասդին, նոյն ընկերութեան պատկանող ութ սաւառնակներով, առանց պարտադրեալ կամ պատշաճ նորոգութիւններու՝ 1647 ապօրինի թռիչք կատարած ըլլալուն համար: Երեւակայեցէք՝ թուային ներկայ ցուցանիշը ամերիկեան ավիաուղիներուն շարժումներուն հսկող խստաբիբ մարմիններու քթին տակ կը պատահէր:
Օդանաւային անվտանգ ճամբորդութեան հարցով, դժբախտաբար, բոլորին համար գոհացուցիչ լուծում գոյութիւն չունի: Սակայն համակարգիչներու այս դարուն, ճամբորդութեան մը չձեռնարկած, կարելի է ժամ մը զոհել, գտնելու նուազագոյն խախտում արձանագրած ընկերութիւն մը…
Կեցցես Պօղոս: