ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ա-պառաժ».- Համազգայինի Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Քաշաթաղի վարչակազմի համագործակցութեամբ Քաշաթաղի շրջանի ամէնէն հեռաւոր, սահմանամերձ Կովսական քաղաքին մէջ, անցեալ Ուրբաթ, 22 Մարտին տեղի ունեցաւ լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ Գէորգ Հաճեանի համերգը՝ նուիրուած մեծն Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակին:
Համերգին, իր բացման խօսքին մէջ երգիչը անդրադարձաւ Կոմիտաս վարդապետի գործունէութեան եւ մեծ դերին հայոց երգարուեստի բնագաւառին մէջ:
Երգիչը նաեւ խօսեցաւ Համազգայինի առաքելութեան մասին:
Բացօթեայ համերգին ներկաները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Կոմիտասի երգերը: Այնուհետեւ հնչեցին շարք մը ազգային-հայրենասիրական երգեր:
Երգիչը նշեց, որ եօթը օր պիտի մնայ Կովսականի մէջ եւ դպրոցականներուն ու բոլոր փափաքողներուն երգեր պիտի սորվեցնէ, այնուհետեւ դարձեալ համերգ պիտի տայ: