ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր նստավայրին մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, Լոնտոնի «Արսենալ»ի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեանը:
Մխիթարեան նախագահին նուիրեց «Արսենալ»ի իր մարզաշապիկը:
Նշենք, որ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ գիւմրեցի դպրոցական Մանուէլ Լօռեցեան:
Երբ անցեալ շաբաթավերջին նախագահ Սարգսեան այցելած էր Գիւմրի, քաղաքի կեդրոնը շրջելու ընթացքին պատահաբար ականատես դարձած էր նկարահանուող ֆիլմի մը աշխատանքներուն: Նախագահը ծանօթացած էր ֆիլմի պատմութեան, փոքրիկ դերակատարներուն՝ Անիի եւ Մանուէլի հետ: Նկարահանման հրապարակէն ջերմ զրոյցը այնուհետեւ տեղափոխուած էր մօտակայ սրճարանը:
Մանուէլը ֆութպոլի սիրահար եւ յատկապէս Մխիթարեանի ջերմ երկրպագու մը: Իմանալով Մխիթարեանի հետ հանդիպելու՝ փոքրիկ Մանուէլի վաղեմի փափաքին մասին, նախագահ Արմէն Սարգսեան խոստացած էր անոր այդպիսի կարելիութիւն ընձեռել:
Եւ ահա նախագահին հետ Երկուշաբթի օր այդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ:
Ոչ պաշտօնական մթնոլորտի մէջ նախագահ Սարգսեան, Հենրիկ Մխիթարեան եւ գիւմրեցի փոքրիկ ֆութպոլասէրը զրուցած են ֆութպոլի ու Մանուէլի մանկական հետաքրքրութիւններու ու նախասիրութիւններու, երազանքներու մասին:
Մխիթարեան իր մակագրութեամբ ֆութպոլի գնդակ նուիրած է գիւմրեցի երկրպագուին: