Յ.Պ.
Ուրբաթ, 22 Մարտի կէսօրուան ժամերուն, Հայ Կապոյտ Խաչի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ բոլոր մասնաճիւղներու մօտ 40 ընկերուհիներու մասնակցութեամբ, այցելութիւն մը տրուեցաւ հելլէն խորհրդարանին:
Կապոյտ Խաչի ընկերուհիները առիթ ունեցան այցելելու խորհրդարանի տարբեր բաժանմունքներ եւ ծանօթանալու անոր շէնքային կառոյցներուն (պալատ, թանգարան, ցուցասրահ, պատկերասրահ, գրասենեակներ, ժողովասրահ, եւ այլն):
Այս այցելութեան բուն նպատակը սակայն, մօտէն ծանօթանալն էր Յունաստանի՝ Օսմանեան կայսրութենէն անկախանալէն առաջ (1821), երկրէն ներս, բայց մանաւանդ երկրէն դուրս կազմակերպուած Յունաստանի ազգային-ազատագրական զարթօնքի ռահվիրա Ռիղա Ֆերէոս-Վելեսթինլիի կեանքին ու գործին նուիրուած մեծ ցուցահանդէսին:
Կապոյտ Խաչի այս այցելութիւնը իրականացաւ խորհրդարանի փոխ-նախագահ, երեսփոխան Նիքիթաս Գաքլամանիսի հրաւէրով: Այցելութեան աւարտին, խաչուհի ընկերուհիները խորհրդարանի ճաշասրահին մէջ կէսօրուան ճաշի հիւրը եղան խորհրդարանի նախագահական դիւանին: