ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, 9 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ, ուսումնասիրող եւ լուսանկարիչ Մեթիու Քարանեան պիտի ներկայացնէ իր նոր հատորը՝ «The Armenian Highland: Western Armenia and The First Armenian Republic of 1918» («Հայկական Բարձրաւանդակ. Արեւմտեան Հայաստան Եւ 1918ի Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը»):
Հեղինակը պիտի ներկայացուի Ռապըրթ Քիւրքճեանի կողմէ։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Լուսանկարչական-պատմական այս հատորը կեդրոնացած է գլխաւորաբար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս մնացող տարածքներուն վրայ, որոնք ներկայիս ծանօթ են իբրեւ Պատմական Հայաստան կամ Արեւմտեան Հայաստան անուններով, իսկ անցեալին կը կրէին Հայկական Բարձրաւանդակ անուանումը: Հատորին լուսանկարները կու տան 1997-2018ի միջեւ Քարանեանի դէպի Արեւմտեան Հայաստան կատարած շարք մը ճամբորդութիւններէն: Ասպարէզով իրաւաբան Մեթիու Քարանեան շրջան մը Հայաստան ապրած է եւ դասաւանդած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: «Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին: